2017-04-25 13:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 25 ապրիլի քարոզը ''Աւետարանը քարոզել խոնարհութեամբ, ոչ թէ բռնութեամբ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի, Ապրիլ 25ի առաւօտեան, Ս. Մարկոս Աւետարանիչի տօնին առիթով մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ կենդրոնացաւ Աւետարանի քարոզութեան ոգիին վրայ։ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Սրբազան Պապին հետ համապատարագեցին կարդինալներու խորհուրդի ինը անդամները։ Օրուան Աւետարանի ընթերցուածը, առնուած Մարկոսի Աւետարանէն, կը պատմէ թէ ինչպէս Յիսուս համբարձումէն առաջ, տասնըմէկ առաքեալներուն կը պատուիրէ՝ «գացէք բոլոր աշխարհ եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարածներուն» (Մրկ ԺԶ. 15)։

Յիսուս կʼուզէ որ իր առաքեալները դուրս գան, եւ ոչ թէ մնան Երուսաղէմի մէջ։ Աւետարանի քարոզութիւնը չի կատարուիր նստակեաց վիճակի մէջ, այլ ճանապարհի մը ընթացքն է, յարատեւ երթ մըն։ Քարոզիչը պէտք չէ կանգ առնէ քալելէ, այլ յարատեւ կերպով յառաջ ընթանայ՝ առանց հենելու դադարի վիճակի ապահովութեան վրայ։ Սրբազան Պապը աւելցուց նաեւ, թէ «քարոզիչը իր կեանքին մէջ ապահովութիւն չունի. այն քարոզիչը որ ապահովութիւն կը փնտռէ՝ իսկական քարոզիչ մը չէ»։ Ան նկատեց, թէ Աւետարանը կարելի է քարոզել միայն խոնարհութեամբ, յաղթահարելով աշխարհիկ ոգիի եւ ամբարտաւանութեան մէջ սայթաքելու փորձութեան։ «Խոնարհութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ մենք խոնարհեցումի աւետիսն է որ կը քարոզենք. կը քարոզենք փառքի աւետիս մը՝ իրականացած խոնարհեցումի միջոցաւ։»

Աւետարանի քարոզութեան մաս կը կազմէ նաեւ քարոզիչին հալածանքի ենթարկումը, յարեզ Ֆրանչիսկոս Պապ։ «Երբ կը տառապինք, Տէրը մեզի պիտի օգնէ, մեզի ուժ պիտի տայ, որովհետեւ Յիսուս խոստացաւ այդ՝ երբ առաքեալները քարոզութեան ուղարկեց։ Ուրեմն Տէրը մեզի հանգիստ պիտի տայ, պիտի զօրացնէ մեզ՝ որ յառաջ ընթանանք. որովհետեւ Ան է որ կը գործէ մեր միջոցաւ՝ եթէ մենք հաւատարիմ մնանք Աւետարանի քարոզութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.