2017-04-25 08:23:00

''Սուրիա. Մանուկներն ու պատերազմը։ Թաքուն վէրքեր'' խորհրդաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 26 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան, Հռոմի Վատիկանի պատկան` ''Մանուկ Յիսուս'' մանկաբուժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ  ''Սուրիան. Մանուկներն ու պատերազմը, թաքուն վէրքեր'' նիւթով խորհրդաժողով մը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ի մէջ այլոց, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակէր, Հալէպի Լատիններու Առաքելական տեղակալ` Գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն, ինչպէս նաեւ ''Պամպինօ Ճեզու – Մանուկ Յիսուս'' մանկաժուժարանի ներկայացուցիչներ։

Խորհրդաժողովի առթիւ պիտի ներկայացուի նաեւ` Սուրիացի մանուկներուն հոգեբանական մասնագիտական օգնութիւն մատակարարելու`  Յիսուս Մանուկ Մանկաբուժարանի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ հիմնարկի համագործակցութեամբ իրագործուած ծրագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.