2017-04-25 09:23:00

Ուրուկուէյի նախագահը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը


Ուրուկուէյի նախագահը Տօքթ. Թապարէ Վասգէս, իր նախագահութեան արդէն 3-րդ տարին ըլլալով, պարբերաբար երկրիս զանազան քաղաքներու մէջ կառավարական բաց նիստեր կը գումարէ, որուն ներկայ կ՛ըլլան հասարակութեան բոլոր խաւերէն քաղաքացիներ, որոնց լայն առիթ կը տրուի ուղղակի հարցեր տալ նախագահին, իրենց քաղաքին, նոյնիսկ թաղամասին, խնդիրներուն մասին, տեղեակ պահելով կառավարութեան եւ նոյնինքն նախագահին, որպէսզի բարւոք լուծումներ գտնեն այդ խնդիրներուն։

Կառավարութեան նման բաց նիստ կատարուեցաւ այս անգամ Մոնթէվիտէոյի Լա Թէխա կոչուած թաղամասին մէջ, ուր ծնած էր նախագահ Թապարէ Վասգէսը եւ ուր մինչև 1970-ականները հայաշատ էր եւ մինչեւ այսօր ալ բաւական մեծ թիւ կը կազմեն հայերը։ Զուգադիպութիւն կամ ալ պարզապէս պատահականութիւն, այդ բաց նիստին թուականը նշանակուած էր Ապրիլ 24-ի օրը։

Մենք ալ, խումբ մը հայեր, մեծ դժուարութեամբ հարիւրաւոր քաղաքացիներու հետ կրցանք մտնել ՓՐՕԿՐԷՍՕ ՖՈՒԹՊՕԼԻ ակումբ, ուր իր պատանեկութեան տարիներուն ոտնագնդակ խաղցած էր նախագահը, որպէս դարպասապահ ։

Կառավարութեան այս նիստին եւ իր բացման խօսքին մէջ, նախագահ Վազգէս յիշեցուց բոլոր ներկաներուն թէ այսօր, մեր հայ հայրենակիցներուն համար տխուր օր մը կը հանդիսանայ, քանի որ ճիշդ այսօր Ապրիլ 24-ին սակայն 102 տարի առաջ, անոնք Ցեղասպանութեան մը զոհ դարձան Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն։ Մենք կը զօրակցինք մեր հայ քոյր ու եղբայրներուն, եւ կ՛ոգեկոչենք նահատակներու յիշատակը, ըսաւ Ուրուկուէյի նախագահ Տօքթ. Թապարէ Վասգէս։

 

Աւելցնենք, որ այդ բաց նիստը` ամբողջութեամբ, ուղղակի եթեր հեռարձակուեցաւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.