2017-04-25 14:01:00

Միշտ պատրաստ ըլլալ Աստուծոյ Արքայութեան


 Քրիստոս ըսաւ.« Հսկեցէ՛ք ուրեմն, քանի որ ո՛չ օրը գիտէք, ոչ ալ ժամը»:

Այս իրողութիւնը  ճշմարիտ է անհատներուն համար: Վտանգաւոր է նախապատրաստութիւնը վերջին վայրկեանին յետաձգել, թերեւս ժամանակ չունենանք անդրադառնալու:

Մարդ կրնայ մեռնիլ սրտի տագնապէ, կրնայ անակնկալ արկածի զոհ երթալ, ռմբակոծումի մը  հետեւանքով ու մեռնիլ վայրկեանական.եթէ նոյնիսկ  երկար ժամանակ գամուած մնայ անկողնին, կրնայ չունենալ բարոյական ուժը զղջումի ու ապաշխարութեան:

Ուշացնել մարդուս պատասխանը՝ Աստուծոյ սիրոյ կոչին, կը նշանակէ յետաձգել վերջին վայրկեաններուն մեր կեանքի նուիրումը:

Անհրաժեշտ է ապրիլ ներկան, անհրաժեշտ է պատրաստ ըլլալ ներկային, որովհետեւ մահը կրնայ գալ գիշերուան մէկ վայրկեանին, գողի նման, յանկարծակի: Այսօր մենք կը վախնանք մտածելէ մահուան մասին . մահը դարձած է օտարական մեր կեանքին:Անոր մասին կը մտածենք լոկ որոշ պարագաներուն, մինչ ան ըլլալու է յոյսը նոր կեանքին, ուրախ կեանքին:

Ճշմարիտ  երջանկութիւնը մեր մէջն է ու տէր ենք անոր, ան մեզմէ կախում ունի: Մենք կարող ենք երկիրը երկինք դարձնել սատարելով աշխարհի լոյսին, մեր անձնական սրբութեան ձէթով: Մենք կրնանք սատարել մարդկութեան իսկական երջանկութիւն, մեր ներքին ուրախութեամբ ապահովելով անոր մարդավայել արժանապատուութիւնը:

 Ապրիլ ու գործել աշխարհի ու մարդկութեան համար, իբրեւ թէ յաւիտեան պիտի ապրինք: Այն ատեն մահը կը կորսնցնէ իր վախազդու դիմագիծը ու կը դառնայ ուրախալի պահ մը , երբ կազմ ու պատրաստ կը գտնուինք դիմաւորելու համար մեր մտքին ու հոգիին սիրահարը՝ Յիսուսը:

Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.