2017-04-25 08:10:00

Ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս այցելութեան` Ղպտի Եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի քրիստոնեաները ''Ղպտի'' կոչուեցան արշաւող արաբներու կողմէ եւ տակաւին նոյն անունը կը կրեն մինչեւ օրս:

Ղպտի Եկեղեցին կը համախմբէ Եգիպտոսի քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը, ուր կան նաեւ այլ եկեղեցիներու պատկան փոքրաթիւ հաւատացեալներ։

Ղպտի եկեղեցին հիմնուած է առաջին դարուն` Մարկոս աւետարանիչի քարոզութեան շնորհիւ։ Եկեղեցին բաժնուած է ուղղափառ (մեծամասնութիւն) ու կաթողիկէ եկեղեցիներու։

Ուղղափառ Եկեղեցին ունի իր Պապը ` Թաուատրոս Բ, որուն գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ 2012-ի 18 նոյեմբերին եւ որ Ղպտի Եկեղեցւոյ 118-րդ Պատրիարքն է։

Մինչ Ղպտի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծագումը վերագրուած է Ֆրանչիսկեան ու Քափուչչին միսիոնարներու, որոնք ԺԷ. դարուն առաքելութիւններ  հաստատած են Գահիրէի մէջ որոնց  յաջորդած է  Յիսուսեաններու առաքելութիւնը 1675-ին։

1741-ին Երուսաղէմի Ղպտի եպիսկոպոս մը կ՛անդամակցի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Պենետիկտոս ԺԴ Քահանայապետը զինք կը նշանակէ որպէս փոքր համայնքի առաքելական կառավարիչ։

1824-ին Սուրբ Աթոռը կը հիմնէ Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարքութիւնը ու 1895-ին առաքելական կառավարիչի աթոռը կը դառնայ Պատրիարքական  աթոռ։

Իսկ հին եւ նշանաւոր Եգիպտական Եկեղեցիին պատրիարքական աթոռը կը գտնուէր Աղեքսանդրիա եւ անոր իշխանութիւնը կը տարածուէր մինչեւ Եթովպիա:

Ղպտի ծէսը կը գործածէ հին եգիպտական լեզուն եւ նաեւ արաբերէնը:

Կարելի է ըսել որ Ս. Կոյսին պաշտամունքի օրրանը Եգիպտոս եղած է:

Յատուկ նշանակութիւն ունի Ղպտի Եկեղեցւոյ քրիստոնէական վարդապետութեան դպրոցը:

Ս. Կղեմէս Աղեքսանդրացին, Որիգենէս, Ս. Աթանաս, Ս. Կիւրեղ … մշակութային նշանաւոր աւանդութեան մը ներկայացուցիչներ են: ''Աստուածածին'' բառը ծագում առած է Եգիպտոսի մէջ ուր կը գտնուին Ս. Կոյս Մարիամին ուղղուած առաջին աղերսանքները. ''Ով Մայր Աստուծոյ, քու ողորմութեանդ կ՛ապաւինինք: Մի մերժեր կարօտութեանց մէջ քեզի կատարուած մեր պաղատանքները, այլ ազատէ մեզ վտանգէն: Դու միակ անբիծը, միակ օրհնեալը'':

Հոս վանականութիւնը սկիզբ առած է եւ քրիստոնեայ կոյսերը եռանդը գտած են Մարիամի ճամբէն միասին ընթանալու համար:

Ս. Աթանաս կը գրէ անոնց. ''Մարիամի, Աստուածամօր կենցաղը ըլլայ ձեզի՝ բոլորին համար տիպար մը, անոր  ձեզմէ իւրաքանչիւրը նմանեցնէ իր սեփական կուսութիւնը: Մարիամի  նայելով իբրեւ հայելիի մը, իրեն նման զարդարուեցէք’’:

Աստուածային մայրութեան վարդապետութիւնը Եգիպտոսի մէջ ունի իր մեծագոյն ջատագովները: Հոս Մարիամի մշտնջենաւոր կուսութիւնը կը խոստովանուի սկիզբէն ի վեր:

Եգիպտոսի մէջ շատ կանուխէն զարգացած է ''Մարիամ'' եան  նկարչութիւնը եւ ընդունելութիւն գտած են ժողովրդական պատմուածքները։ Բազմաթիւ են այսօր ալ Մարիամի նուիրուած վանքերը եւ եկեղեցիները ''Աստուածամայր եւ Կոյս''-ի փառապանծ միակ տիտղոսին ներքեւ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.