2017-04-25 11:58:00

«Իմ սիրելի հայ քաղաքացիներ…». Էրտողանի ապրիլքսանչորսեան ուղերձը


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի առիթով ուղերձ յղած է: Անոր ուղերձը ուղարկուած է Ֆերիքոյի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի, ուր ընթերցուած է այսօր առաւօտեան Ապրիլ 24ի առիթով կազմակերպուած պատարագի ժամանակ, կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

«Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեան,

«Իմ շատ յարգելի հայ քաղաքացիներ,

«Կ՛ողջունեմ ձեզի սիրով, յարգանքով: Այս տարի նոյնպէս յարգանքով կը յիշեմ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անոնց թոռներուն:

«Որպէս տարածաշրջանի երկու հնագոյն հասարակութիւններ` թուրքերն ու հայերը հազար տարիէ ուս-ուսի տուած կ՛ապրին նոյն տարածքին մէջ, կը կիսեն նոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը:

«Հայ հասարակութիւնը թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան, թէ՛ մեր հանրապետութեան` 100 տարուան անցեալին, դաստիարակելով թանկագին զաւակներ, շատ մեծ ներդրումներ ունեցած է մեր երկրի զարգացման գործին:

«Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր` հայերը, ըլլալով մեր երկրի հաւասար եւ ազատ քաղաքացիներ, կարեւոր դերեր կը ստանձնեն մեր ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կեանքի բնագաւառներուն մէջ:

«Բոլորիս համատեղ նպատակն է, որ դարեր շարունակ իր խինդն ու տխրութիւնը համատեղ կիսած այս երկու ժողովուրդները բուժեն իրենց անցեալի վէրքերն ու աւելի հզօրացնեն մարդկային կապերը: Այս նպատակով վերջին 14 տարիներուն բազմաթիւ քայլեր կը ձեռնարկենք, պատմական բնոյթի բարեփոխումներ կեանքի կոչեցինք:

«Օսմանեան հայերու յիշատակին եւ հայ մշակոյթի ժառանգութեան տէր կանգնելու ուղղութեամբ մեր աշխատանքները, յառաջիկային աւելի մեծցնելով, պիտի շարունակենք:

«Այս առիթով կը ցանկամ ընդգծել, որ մեր երկրի հայ համայնքի խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու երջանկութիւնը մեզի համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունին: Մենք բացարձակապէս թոյլ չենք տար, որ մեր մէկ հայ քաղաքացին նոյնիսկ մեկուսացուի, օտարուի կամ ինքն իրեն «երկրորդ դասակարգի» զգայ:

«Կը Ցանկամ, որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կարճ ժամանակի մէջ աւարտին, եւ ձեզի յաջողութիւն կը մաղթեմ այդ աշխատանքներուն ուղղութեամբ:

«Այս մտորումներով եւս մէկ անգամ կը յիշեմ 20րդ դարի առաջին կէսին իրենց կեանքը կորնսցուցած օսմանեան հայերու յիշատակը:

«Աստուած ողորմի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի անբարենպաստ պայմաններու մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան միլիոնաւոր քաղաքացիներուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.