Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ․ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ պետական բարձրաստիճան այրերը այսօր Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:
Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին։
Արարողութենէն ետք անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ` դիտեցին ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Եղեռնէն դէպի անկախութեան վերականգնում» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացառիկ ցուցանմուշներն ու Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման 50-ամեակին նուիրուած ցուցադրութեան օրինակները:
All the contents on this site are copyrighted ©. |