2017-04-24 09:33:00

Հայաստան. Աւանդական դարձած ջահերով երթին մասնակցեցան հազարաւոր հայորդիներ։


Կիրակի, 23 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու աւանդական դարձած «Ջահերով երթը», որ տարիներէ ի վեր կը համախմբէ պահանջատիրութեան գաղափարը կրող հազարաւոր հայորդիներ:

Երթին կը մասնակցէին բազմահազար երիտասարդներ` տարբեր կուսակցութիւններէ, հասարակական կազմակերպութիւններէ, ուսանողական միութիւններէ, ինչպէս նաեւ անհատ քաղաքացիներ:

Երթը սկսելէ առաջ երիտասարդները` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, այրեցին Թուրքիոյ դրօշակը եւ այդ կրակով վառեցին իրենց ջահերը:

Հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր հասած երթի հազարաւոր մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ եղեռնի աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին: Անմար կրակին մօտ հոգեւորականներ աղօթեցին առ Աստուած, խոնարհուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշակները: Երիտասարդները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.