2017-04-23 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 23 ապրիլի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 23 ապրիլ 2017- Աստուածային ողորմութեան կիրակի օրուայ առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը բացատրելով օրուան խորհուրդի նշանակութիւնը։

Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ այս կիրակին կը կուչուէր ''արշալոյսի'' կիրակի որ կը յատկանշէ անոնք որոնք Սուրբ Զատկուայ նախօրեակին կ՛ընդունէին Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը եւ անոնց կը յանձնուէր սպիտակ զգեստ մը,  որ կը նշանակեր թէ անոնք բիւրեղացան ու վերստին ընդունեցան Աստուծոյ զաւակատներու արժանապատուութիւնը։ Այդ զգեստը կը կրէին մէկ շաբաթ ու Զատկուայ յաջորդող Կիրակին զայն կը հանէին։  Այսօր եւս այդ սովորութիւնը կը շարունակուի, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով թէ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ­, 2000-ի Յոբելենական տարւոյն առթիւ որոշեց այս կիրակին նուիրել Աստուածային ողորմութեան։

''Քիչ ամիսներ առաջ եզրափակեցինք Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ տարին ու այս կիրակին մեզի հրաւէր մըն է` դարձեալ ընդունելու շնորհքը որ կը բխի Աստուծոյ ողորմութենէն'' յարեց  Քահանայապետը ու մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ 20, 19-31) ուր կը խօսուի  վերնատան մէջ հաւաքուած Յարուցեալ Յիսուսի` աշակերտներուն երեւումի մասին։

Յովհաննէս աւետարանիչ կը գրէ թէ Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ ''Այնպէս ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց­, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ'' ու այդ խօսքէն ետք իր շունչը փչեց անոնց վրայ ու ըսաւ. ''Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին։ Անոնց որոնց մեղքերը պիտի ներէք, պիտի ներուին, իսկ անոնց որոնց մեղքերը կապէք` պիտի կապուին''։ ''Այս է ողորմութեան նշանակութիւնը զոր Յիսուս մեզի կը ներկայացնէ իր Յարութենէն անմիջապէս ետք` մեղքերու թողութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այս ողորմութեան տեսանելի նշանը, անդորրութիւն կը շնորհէ սրտերուն եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ հոգիներուն` Տիրոջ հետ հանդիպումին համար։

Ողորմութիւնը Սուրբ Զատկուայ լոյսին տակ մեր մտքերու դռները կը բանայ որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք Աստուծոյ խորհուրդը` մեր կեանքէն ներս­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ այդ մէկը ''մեզի կը հասկցնէ թէ բռնութիւնը, ատելութիւնն ու  ոխը ոչ մէկ իմաստ ունին''։ Ողորմութիւնը ապա կը բանայ նաեւ սրտերու դռները ու առիթ կ՛ընծայէ մօտիկութիւն յայտնելու` յատկապէս անոնց որոնք մեկուսացուած են, անոնց եւս թոյլ տալով զգալ թէ նոյն Հօր մը զաւակներն են։

Ողորմութիւնը սիրտը կը ջերմացնէ ու զայն զգայուն կը դարձնէ, աւելցուց ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ ողորմութիւնը բոլորը յանձնառու կը դարձնէ` արդարութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան գործիքներ դառնալու։

''Ողորմութիւնը հաւատքի կեանքի բանալին է եւ շօշափելի ձեւն է որով տեսանելիութիւն կու տանք Յիսուսի Յարութեան'' յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու հայցելով Մարիամին` Ողորմութեան Մօր բարեխօսութիւնը, ապա արտասանեց ''Ողջ Լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, յիշեցնելով թէ երէկ` Սպանիոյ մէջ երանելի հռչակուեցաւ Հայր Լուիս Ռոզա Օրմիերէսը, ապա  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք Սուրբ Զատկուայ ընթացքին իրեն բարեմաղթական պատգամեր ուղղեցին։

Բոլորին ու իւրաքանչիւրին վրայ կը հայցեմ Յարուցեալ Տիրոջ օրհնութիւնները, ըսաւ ապա Քահանայապետը, հրաժեշտ առնելով ներկաներէն եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.