2017-04-22 08:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ աղօթէ հայոց ցեղասպանութեան զոհ նահատակներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 22 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Սուրբ  Բարթողոմէոսի անուան Պազիլիքա, որուն տիտղոսաւոր կարդինալներէն մին եղած է երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանը եւ որ 2000-ի Յոբելենական տարւոյն առթիւ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կամքով­, դարձած է 20-րդ դարու նահատակներու յիշատակումի վայր, ուր պահպանուած են այդ նահատակներէն մի քանիներուն մասունքները, որոնց շարքին է նաեւ 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Երանելի Ինգնատիոս Մալոյանի` Մարտինի հայ կաթողիկէներու առաջնորդին մէկ ձեռագիր նամակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուխտագնացութեան վայր կը ժամանէ 5-ին ու կը դիմաւորուի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան պատասխանատուներէն, որոնց յանձնուած է Պազիլիքայի մատակարարումը ու ''Նոր Մարտիրոսներու'' յիշատակի պահպանումը։

Նորին Սրբութեան սոյն այցելութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենայ ժամասացութեան արարողութիւն, ի յիշատակ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու հաւատքի վկաներուն, որուն առթիւ նախատեսուած են նաեւ մի քանի նահատակներու ազգականներու ելոյթներ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  արտասանելէ ետք յաւուր պատշաճի քարոզը, յատուկ կը մեծարէ Պազիլիքայի վեց մատուռներու խորաններուն վրայ զետեղուած նահատակներու մասունքները։ Արարողութեան ընթացքին ապա մոմեր պիտի վարուին ու պիտի արտասանուին յատուկ աղօթքներ ի յիշատակ 20-րդ դարու նահատակներուն­, սկսեալ առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու եւ միւս քրիստոնեաներու դէմ կիրարկուած հալածանքներու եւ ջարդերու զոհերէն մինչեւ մեր օրերու խաղաղութեան ու երկխօսութեան նահատակները,  ինչպէս է պարագան Հայր Անտրէա Սանթորոյին որ սպաննուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, ու այդ այլ բազմաթիւ միսիոնարներուն որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին աւետարանին։ 

Աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած բոլոր ցամաքամասերու նահատակներուն դիտաւորութեամբ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Իպրահմ եւ Եազիժի եպիսկոպոսներուն ու Յիսուսեան Հայր Փաոլօ Տալլոլիօյի դիտաւորութեամբ։
Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, պազիլիքային քովնտի սրահին մէջ առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ Իտալիա ժամանած մի քանի գաղթական ընտանիքներուն հետ ինչպէս նաեւ մարդավաճառութեան զոհ կիներու ու անչափահասներու հետ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.