2017-04-22 09:14:00

Վենետիկի 2017-ի միջազգային ցուցահանդէսին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ երեք արուեստագէտ։


Վենետիկի «Viva Arte Viva» արուեստի միջազգային 2017-ի ցուցահանդէսին (Մայիս 13 – Նոյեմբեր 26) Հայաստանը պիտի ներկայացնեն արուեստագէտներ Ռաֆայէլ Մէկալը, Ժան Պօղոսեանը եւ Միրօ Պերսօլեան:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ Ռաֆայէլ Մէկալը պիտի ներկայանայ «Յովազները իմ ծաղկած այգիին մէջ» ցուցադրութեամբ: Մէկալի արուեստը ազգային զարդանախշերու եւ հայ մշակոյթին բնորոշ տարրերու նորովի մօտեցմամբ կը պատկերէ մարդու եւ բնութեան փոխյարաբերութիւնները: 2013-ին «Մարութայ սար» մեծածաւալ ստեղծագործութեան համար ան արժանացած է Ֆլորենսիայի ցուցահանդէսի «Լորենցօ Մետիչի» արծաթէ մետալին եւ ՀՀ վաստակաւոր նկարիչի կոչման:

Պրիւքսէլ բնակող լիբանանահայ քանդակագործ եւ նկարիչ Ժան Պօղոսեան պիտի ներկայացնէ «Անշէջ կրակ» կոչուող ցուցադրութիւնը: Անիկա կը խորհրդանշէ զօտալամբին կրակը, որ Ժան Պօղոսեան կ՝օգտագործէ իբրեւ «Հրէ վրձին»` իր անշէջ գործերը կերտելու համար: Ան բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է աշխարհի լաւագոյն պատկերասրահներուն մէջ (Պրիւքսէլ, Ապու Տապի, Պէյրութ):

Հայկական տաղաւարի 3-րդ մասնակիցը իտալաբնակ սլովենացի Միրօ Պերսօլեան է: Անոր «Առանց սահմանի» ցուցադրութիւնը կարմիր եւ կապոյտ գոյներու համադրութեամբ կ՝ընդգծէ արուեստի սահմաններ չունենալը:

Ցուցահանդէսին Հայաստանի ազգային տաղաւարի յանձնակատարը ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնն է, ի դէմս Սուետլանա Սահակեանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.