2017-04-22 08:49:00

Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի ոգեկոչում, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի նշման ծիրէն ներս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը կազմակերպած է քայլարշաւ, որ տեղի պիտի ունենայ  կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8,00-ին, եւ որ պիտի մեկնի Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցիէն դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան- Ժէիթաուի ուր Պատրիարքարանի բակէն ներս զետեղուած  նահատակաց յուշակոթողին շուրջ նախատեսուած է հաւաք ու աղօթք։ 

Իսկ՝ երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5,00-ին, Աշխարֆիէյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝՝ ճեմարանի բակին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագի արարողութիւն, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ւ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ  մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն։ Սուրբ Զոհը պիտի մատուցանէ   Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս` Արհիապատիւ  Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան մինչ յաւուր պատշաճի  խօսքը պիտի արտասանէ  Գերապատիւ Հայր Բարսեղ Վրդ Պաղտասարեան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, նախատեսուած է հանդիսաւոր թափօր` որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանէն պիտի ուղղուի դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակ,  ուր Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւ պիտի կատարուի հայոց նահատակներուն նուիրուած աղօթք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.