2017-04-22 08:38:00

Երանելի կը հռչակուի Հայր Լուիս Անթոնիօ Ռոզա Օրմիերեսը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 22 ապրիլ, 2017-ին, Սպանիոյ Օվիտօ քաղաքին մէջ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին, երանելի կը հռչակէ Հայր Լուիս Անթոնիօ Ռոզա Օրմիերեսը։

Հայր Լուիս Անթոնիոն  ծնած է ՝՝Քուիլլան՝՝ քաղաքին մէջ՝ 14 յուլիս 1809-ին։ Ուսումը ստացած է ՝՝Քարքասսոնէ՝՝ անուան նորընծայարանին մէջ ապա՝ 24 տարեկանին ձեռնադրուած է քահանայ։

Հայր Անթոնիօ եղած է պարզ , աստուածավախ եւ գործօն քահանայ։ Իր մէջ յատուկ կոչում զգացած է մանուկներու կազմաւորման նուիրումի։  Որպէս դաստիարակ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած է  փողոցներուն մէջ լքուած  մանուկներուն, այն համոզմունքով, որ հոն ուր կան աղքատներ, հոն պէտք է  ըլլայ նաեւ  եկեղեցին։

Ան Իր կեանքը վտանգելով հանդերձ մօտիկ եղած է վարակիչ հիւանդութիւններէ տառապող անձերու մօտ։ Հայր Անթոնիօ մահկանացուն կնքած է 16 յունուար 1890-ին։  

Հայր Անթոնիօ Ռոզա Օրմիերէս, եղած է հիմնադիրը ՝՝պահապան հրեշտակ՝՝ մայրապետներուն միաբանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.