2017-04-21 08:04:00

Նահատակ Ինգնատիոս Մալոյեանի ձեռագիր նամակը պահպանուած` Ս. Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ։


Երանելի Ինգնատիոս Մալոյեանի մէկ ձեռագիր նամակը պահպանուած է Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ ուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ շաբաթ 22 ապրիլին։

(Ռատիօ Վատիկան) ''Ձեզ կը խրախուսեմ ամէնէն առաջ խարսխուած պահել ձեր հաւատքը  Պետրոսի ժայռին վրայ, ու ամրապնդել ձեր յոյսը Սուրբ Խաչին վրայ...Թող որ Ամենակալին ծրագիրները իրականան մեր մէջ, որեւէ ձեւով, նոյնիսկ տարհանումով կամ մարտիրոսութեամբ։ Իմ ամենամեծ բաղձանքս է տեսնել իմ հօտս` որ կը հետեւի օրինակիս, մնալով հնազանդ Առաքելական Աթոռի հրահանգներուն։ Ձեզ` սիրելի որդեակներ, կը յանձնեմ Աստուծոյ ու կը խնդրեմ որ աղօթէք Անոր`­ որպէսզի ինծի ուժ եւ քաջութիւն պարգեւէ, այս կեանքը ապրելու իր շնորհքով ու իր սիրոյ մէջ, մինչեւ արեան հեղումը''. Այս է նահատակ ու երանելի Ինգնատիոս Եպիսկոպոս Մալոյեանի կտակը, զոր փոխանցած է իր շուրջ հաւաքուած իր վարդապետներուն, 1915-ի Մայիս մէկին,  Մարեմեան ջերմեռանդութեան աւարտին, նախ քան իր եւ կղերական դասին նահատակութիւնը, զոր պատահեցաւ Մեծ Եղեռնի օրերուն` 1915-ի յունիս 10-ին։

Երանելի Ինգնատիոս Մալոյեանի մէկ ձեռագիր նամակը պահպանուած է Հռոմի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ ուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ շաբաթ 22 ապրիլին, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հետ միասին մեծարելու եւ յիշատակելու 20-րդ եւ 21րդ դարերու նահատակները։

Վերոնշեալ նամակի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2009-ի մարտ 5-ին, ի ներկայութեան երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Ժամասացութեան արարողութեան աւարտին ''մասունքը'' թափորով տարուած է Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Ովկիանեան ցամաքամասի նուիրուած մատուռ ու զետեղուած է մատրան խորանին վրայ ուր մինչեւ օրս կը պահպանուի։  

 

Երանելի Ինգնատիոս Մալոյեան։

Աւազանի անունով Շիւքրալլահ Մալոյեան, ծնած էր Մարտին՝ 15 ապրիլ 1869-ին։ 1891-1896,  դաստիարակութիւնը կը ստանայ Զմմառու մէջ։  7 յուլիս 1896-ին կը ձեռնադրուի  կուսակրօն քահանայ ու կը պաշտօնավարէ  Եգիպտոսի մէջ` 1898-1904 եւ  Կ. Պոլիս` 1905-1910։ 22 հոկտեմբեր 1911-ին Մարտինի վիճակաւոր  կ՛անուանուի եւ  6 մայիս 1912-ին՝ որպէս առաջնորդ, կը ստանձնէ իր թեմին հովուական պատասխանատուութիւնը: 1915-ի Ապրիլ 30-ին Օսմանեան կառավարութիւնը խուզարկել կու տայ Մարտինի եկեղեցին ու առաջնորդարանը, ու կը գրաւուի դիւանը, տոմարները եւ Մալոյեանի նամականին:

Յունիս 3-ին՝ Ս. հաղորդութեան օրը, Մալոյեան գերապայծառը կը հանդիսապետէ  ''Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան'' արարողութիւնը, որ նաեւ իր քահանայական ձեռնադրութեան 19-րդ տարեդարձն էր: 46 ամեայ քաջ առաջնորդը, որ կտրուկ կերպով մերժած էր փախուստի կամ ապաստանի առաջարկները, նոյն գիշերը կը ձերբակալուի­, իր վարդապետներուն եւ թեմին աւագանիին հետ:
Յունիս 4-11 օրերու ընթացքին  հոգեւորական եւ աշխարհական բանտարկեալները կ՛ենթարկուին հարցաքննութիւններու եւ տանջանքներու սակայն հակառակ բոլոր տառապանքներուն անոնք այդ եօթը ցերեկներն ու գիշերները կ՛անցնեն աղօթելով ու հսկումով:

Բանտը կը դառնայ աթոռանիստ եկեղեցի, որուն անկիւններն ալ կը դարռնան խոստովանարաններ:

Առաջնորդը կը քաջալերէր բոլորը` հաւաքաբար եւ առանձնաբար: Մալոյեան յունիս 9-ին հրաժեշտ կ՛առնէ բանտ այցելած իր մօրմէն, որը իր կարգին, 17 յուլիսին կը սպաննուի: Հինգշաբթի, յունիս 10-ին, մահուան, ''ճանապարհ խաչի'' խաչուղիին, Մալոյեան հովիւը կը կատարէ ''Վերջին ընթրիքը'', սրբագործելով իր մօտ ունեցած հացը, զոր վարդապետները ապա կը բաժնեն բոլոր մահապարտներուն:

Ուրբաթ, յունիս 11-ին` Յիսուսի սուրբ սրտին տօնին, Մալոյան քաջ առաջնորդը որ անգամ մը եւս   խիստ մերժողական պատասխան կու տայ հաւատուրացութեան առաջարկին, առանձին տեղ մը կը տարուի ու կը գնդակահարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.