2017-04-21 11:28:00

Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի մասին գերապայծառ Աուզայի ելոյթը։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄՄԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Պերնարտիդօ Աուզա, ուրբաթ 20 ապրիլ 2017-ին,  Նիւ Եորքի Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի մասին­  ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած ժողովի ընթացքին, իր  ունեցած ելոյթին մէջ բացայայտեց Սուրբ Աթոռի դիրքը­, ի մասնաւորի շեշտը դնելով վերջին տարիներուն տեղի ունեցող պատերազմի բռնութեան ու հակամարտութիւններուն մասին՝ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ինչպէս նաեւ անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ կայացած ահաբեկչական արարքներուն։

''Սուրբ աթոռը խորապէս մտահոգուած է Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ իրավիճակին ի տես'' ըսաւ գերապայծառ  Աուզա անդրադառնալով Լիբանանի մէջ հիւրընկալուած միլիոնաւոր գաղթականներուն, որոնց բեռը կը կշռէ Լիբանանի կառավարութեան ու քաղաքացիներուն վրայ եւ որ, ըսաւ գերապայծառ Աուզա կը սպառնայ նաեւ երկրի կայունութեան­, ի տես նաեւ զինային ներդրումներուն ու այս ուղղութեամբ դուրսէն կատարուած ֆինանսաւորումներուն։

Գերապայծառ Աուզա ապա վերահաստատած է Վատիկանի կեցուածքը Պաղեստին-Իսրայէլ հարցին շուրջ ընդգծելով այն համոզումը, թէ հարցը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ գործընթացի  ու բանակցութիւններու միջոցաւ  որմ է դուրս,  որեւէ այլընտրանք, չի կրնար ապահովել անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Վատիկանի դիւանագէտը դատապարտած է ապա բոլոր ծայրայեղական ու ահաբեկչական գործողութիւնները հրաւիրելով միջազգային ընտանիքը պայքարելու անոնց դէմ ու կղզիացնելու անոնց գործած ցեղասպանական արարքները, յատկապէս անոնց որոնք կրօնը կը շահագործեն արդարացնելու համար իրենց ոճիրները։ Այս առնչութեամբ գերապայծառ Աուզա դարձեալ շեշտած է թէ  կրօնական առաջնորդները պէտք չեն  հանդուրժել,  որ կրօնը օգտագործուի բռնութիւն բանեցնելու համար ու , թէ բոլոր կրօնապետերուն պարտականութիւնն է գործել ի սպաս իրար  զիրար յարգանքի, խաղաղութեան ու համակեցութեան, օրինակ բերելով Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի այս ուղղութեամբ յանձնառումը։

Գերպայծառ Աուզա ելոյթի աւարտին դարձեալ դատապարտեց  զինավաճառութիւնը,  որ պատճառ կը դառնայ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներու մահուան ու տառապանքին ու մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը '' «Թող Տէրը կերպարանափոխէ մարդկանց սրտերը, ովքեր ահաբեկչութիւն, բռնութիւն ու մահ կը սերմանեն» եւ «թող որ բոլոր ազգերու առաջնորդներուն քաջութիւն պարգեւէ , որպէսզի անոնք կանխարգիլեն հակամարտութիւններու ընդլայնումը ու դադրեցնեն զէնքի վաճառքը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.