2017-04-21 10:11:00

Ի պատրաստութիւն Քահանայապետի Եգիպտոս այցելութեան` Եգիպտոսի Հանրապետութիւնն ու Եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 28 եւ 29 ապրիլ 2017-ին,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, երկօրեայ առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի` Եգիպտոս ուր առաջին օր նախատեսուած են հանդիպումներ Երկրին նախագահին, Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին ինչպէս նաեւ այս վերջինիս կողմէ կազմակերպուած  խաղաղութեան միջազգային համաժողովի անդամներուն հետ ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ։ Առաջին օրուայ յայտագիրը վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Ղպտիներու Թավատրոս Բ Պատրիարքը տուած եղբայրական այցելութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանն է ''Խաղաղութեան Քահանայապետը` խաղաղութեան Եգիպտոսի մէջ''։

Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ի, առաւօտեան ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երկիրն կաթողիկէ եպիսկոպոսներն ու կղերական դասը եւ հաւատացեալները։ Նախ քան Վատիկան վերադարձ կատարելը Սրբազան Քահանայապետը յատուկ հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Եգիպտոսի Կաթողիկէ կղերական դասին հետ անոնց փոխանցելով իր սրտի խօսքը։

Պրիթանացիներու հպատակ 1882-էն ի վեր, Եգիպտոսը պաշտօնապէս Միապետութիւն դարձաւ 18 փետրուար 1922-ին. 18 յունիս 1953 Հանրապետութիւն հռչակուեցաւ և այսօր Եգիպտոսը նախագահական հանրապետութիւն մըն է:

Եգիպտոսի արաբական Հանրապետութիւնը ունի  1.001.449 Քմ քառակուսի տարածք եւ  89 միլիոն անհատներէ կազմուած բնակչութիւն, որուն 272 հազարը կաթողիկէ են մինչ 10 առ հարիւրը կը պատկանի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ։

Եգիպտոսի արաբական Հանրապետութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ ցեղախումբերը. Եգիպտացի (84%), Սուտանցի (6%), Արաբ Պատաուիներ (2%), այլք (8%)։

Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմուած է 15 գաւառներէ, ուր կը գործեն 213 ժողովրդապետութիւններ ու այլ 74 հովուական խնամակալութեան կեդրոններ։

Եգիպտոսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերական դասին մաս կը կազմեն 16 եպիսկոպոսներ,250 թեմական քահանաներ, 244 կրօնաւոր վարդապետներ, երեք մնայուն սարկաւագներ, 79 կրօնաւոր ուխտեալներ եւ 727 մայրապետներ, մինչ աշխարհական միսիոներներու թիւն է 46 եւ կրօնուսոյցներու թիւը 139, ապա կան 90է աւելի նորընծաներ։

Կաթողիկէ Եկեղեցին կը մատակարարէ 396 մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ ու բարձրագոյն ուսուցման դպրոցներ ապա 3 համալսարաններ, ասոնց կից նշելու ենք նաեւ 15 բարեսիրական կեդրոններ, 108 դարմանատուներ, 31 ծերանոց, 51 որբանոց ու այլ ընկերային հարցերով զբաղող կեդրոններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.