2017-04-20 10:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա Եգիպտոսի մէջ խաղաղութեան ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա յառաջիկայ 28 եւ 29 ապրիլին, ինք եւս պիտի գտնուի Գահիրէի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին։ 

Պատրիարքն ու Քահանայապետը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ալ Ազհար Մզկիթի Աւագ Իմամի կողմէ կազմակերպուած խաղաղութեան մասին միջազգային գիտաժողովին։

Հակառակ բոլոր տագնապներուն ու Ղպտի Եկեղեցւոյ դէմ իրագործուած ահաբեկչական արարքներուն, միջ-կրօնական ու միջ-դաւանական երկխօսութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ, հաստատած է Իտալիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ առաջնորդի տեղակալ Հար Աթենակորաս վրդ Ֆազիոլօ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին,  հաստատելով նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Բարթողոմէոս Պատրիարքին Եգիպտոսի մէջ ներկայութիւնը կը նշանակէ թէ Քրիստոնէական երկու եկեղեցիներու ընտանիքները վկաները կը հանդիսանան այն խաղաղութեան ծրագրին որ կը շրջանցէ քաղաքական ու տնտեսական խոչընդոտները։

Հայր Աթենակորաս ապա հաստատած է թէ բոլոր կրօնները պարտականութիւնը ունինք իրենց հաւատացեալներուն դաստիարակելու խաղաղութեան մշակոյթը­, որ չի նշանակեր երբեք մէկը միւսին վրայ գերիշխել, որովհետեւ խաղաղութիւնը - ըսած է Ան- չի կրնար պարտադրուիլ, խաղաղութիւնը համադրում է, միասին գործել է` ի սպաս միասնական ու արդար ճանապարհի մը։
Հայր Աթենակորա ապա նշած է թէ հաւատքը ու կրօնները կարողութիւնը ունին իրականացնելու խաղաղութիւնը, բաւ է որ անոնք քաջութեամբ աշխատին, երկխօսութիւն հաստատեն իրար միջեւ ու ջանան իրար զիրար հասկնալ, կղզիացնելու համար նաեւ անոնք որոնք խաղաղութեան դէմ կը պայքարին, ինչպէս է պարագան ծայրայեղականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.