2017-04-20 09:41:00

Սանդ էճիտիոյ հասարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ կը մեծարէ 20 եւ 21րդ դարերու նահատակները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 22 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէի 5-ին, Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան հրաւէրով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմի ''Իզոլա Թիպերինա'' կղզիի վրայ գտնուող Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան անդամներուն հետ միասին յիշատակելու եւ մեծարելու 20 եւ 21-րդ դարերու նահատակները, ներառեալ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերը։  

Սուրբ Բարթողոմէոս պազիլիքան կառուցուած է 1017 տարներ առաջ` 1000 թուականին։ 1999-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը­, 2000-ի Յոբելենական Տարւոյն առթիւ, կ՛որոշէ հիմնել ''նոր մարտիրոսներու'' յանձնախումբ մը, որուն գլխաւոր պատասխանատու կ՛անուանէ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիրը` Տիար Անտրէա Ռիքքարտին, պարտականութիւնն ունենալով  20-րդ դարու նահատակներու մասին հետազօտութիւն կատարել։ 

Յանձնախումբը երկու տարիներ ամբողջ գործի լուծուելով կ՛ուսումնասիրէ աւելի քան 12 հազարէ աւելի ծրարներ։ Հետազօտական աշխատանքի աւարտին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կ՛որոշէ որ 20-րդ դարու հաւատքի վկաներու յիշատակը Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ դառնայ տեսանելի մէկ իրականութիւն, ու 12 հոկտեմբեր 2002 թուականին, համամիութենական մէկ արարողութեան մը ընթացքին, Եկեղեցւոյ կեդրոնական խորանին վրայ  կը զետեղուի 20-րդ դարու հաւատքի վկաները խորհրդանշող խճանկար մը, մինչ Պազիլիքայի կողմնակի մատուռներուն մէջ տարիներու ընթացքին կը զետեղուին 20-րդ դարու նահատակներու մասունքներ։ Արդարեւ աջ կողմ գտնուող առաջին մատրան մէջ զետեղուած են Ասիայէն, Ովկիանեան ցամաքամասէն եւ Միջին Արեւելքէն նահատակներու մասունքներ, մինչ անոր յաջորդող մատրան մէջ զետեղուած են Ամերիկաներու նահատակներու մասունքները ապա համայնավարութեան վարչակարգերու նահատակներու մասունքները։ Ձախ կողմ գտնուող մատուռներուն մէջ զետեղուած են Ափրիկեան ցամաքամասի նահատակներու մասունքներ, ապա Սպանիայի եւ Մեքսիքայի հաւատքի վկաներու մասունքները հուսկ Նացիական բռնատիրութեան նահատակներու մասունքները։

Մասունքներու շարքին է նաեւ` 1915-ի` հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Մարտինի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Երանելի Ինգնատիոս Մալոյանի մէկ ձեռագիր նամակը որ զետեղուած է աջ կողմ գտնուող Միջին Արեւելքի նահատակներուն նուիրուած խորանին վրայ։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''Սան Պարթոլոմէօ'' Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի  այցելութիւնը կը զուգադիպի 20-րդ դարու որպէս առաջին ցեղասպանութիւն ճանչցուած` Հայ ազգի Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակումի օրուան նախօրեակին։ Այցելութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Կաթողիկէ վարժարանի մեծաւոր Գերյարգելի Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.