2017-04-20 09:37:00

Հանրաքուէէն ետք՝ Թուրքիոյ մամուլին վիճակը պիտի վատթարանայ. Լրագրողներ Առանց Սահմաններու։


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Լրագրողներու իրաւանց պաշտպան միջազգային՝ Լրագրողներ առանց սահմաններու կազմակերպութեան բանբեր Մայքըլ Ռետիսք յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ կայացած սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէէն ետք՝ երկրին մէջ ազատ մամուլին վիճակը աւելիո՛վ պիտի վատթարանայ:

Ըստ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատուամիջոցին՝ Ռետիսք ընդգծած է, որ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ, ուր ընդդիմադիր մամուլը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ, բնակչութեան մեծամասնութիւնը «ո՛»չ քուէարկած է սահմադրական փոփոխութիւններուն:

«Կ՛ենթադրեմ, որ նախագահ Էրտողան երկրին մէջ մնացած վերջին անկախ լրատուամիջոցները լռեցնելու համար յաւելեալ ճնշումներ պիտի գործադրէ: Լաւատես չեմ այն մարդոց նման, որոնք յոյս ունին, թէ Էրտողան հանրաքուէէն ետք գթասրտութիւն պիտի դրսեւորէ: Ան պարզապէս գթասիրտ չէ՛: Ընդհակառակը, ան կռուազան միապետ մըն է», ըսած է Ռետիսք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.