2017-04-20 09:43:00

Լրատուական գրագիտութեան կարեւորութիւնը` բարձրագոյն կրթութեան մարզերուն մէջ


Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ նախարարութիւնը եւ «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր` հանրակրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզերուն մէջ լրատուական գրագիտութեան կարեւորման եւ տարածման ուղղութեամբ համագործակցութեան մասին: Յուշագիրը ստորագրած են կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»-ի գործադիր տնօրէն Նունէ Սարգսեանը:

Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ շատ կարեւոր է ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ լեզուական գրագիտութիւնը ապագայ լրատուական դաշտին համար, քանի որ մեր երկիրը կը գտնուի բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի մը մէջ: «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»-ին հետ նախարարութիւնը տարիներու համագործակցութեան փորձ ունի, եւ ստորագրուած յուշագիրը կը նպաստէ յատկապէս, որ դպրոցներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտուի ճիշդ արտայայտուելու մշակոյթը, զսպուածութիւնը, սկզբունքայնութիւնը: Եթէ այս ծրագիրը յաջողի, ապա հետագային զայն կրնանք դարձնել մեր կրթական համակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը: Ժամանակակից աշխարհին մէջ լրատուական տարաբնոյթ հոսքերու առկայութեան պայմաններուն մէջ խիստ պահանջուած են տեղեկութեան ընկալման, կարեւորի եւ երկրորդականի զատման, փաստի եւ ենթակայականի մօտեցման տարանջատման հմտութիւններու ձեռքբերումը: Տուեալ հմտութիւնները կը բարձրացնեն նաեւ մեր աշակերտներուն ինչպէս տեղեկատուական անվտանգութիւնը, նոյնպէս ալ քաղաքացիական գիտակցութիւնը: Կրթութեան որակը ունի երեք կարեւոր բաղադրիչ` գիտելիք, հմտութիւն եւ, որ աւելի կարեւոր է` քաղաքացիական դաստիարակութիւն», նշած է նախարարը:

«Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»-ի գործադիր տնօրէն Նունէ Սարգսեան իր հերթին ընդգծած է, որ յուշագիրի ստորագրումը  արդիւնք է վերջին 5 տարիներու աշխատանքի` դպրոցի, ուսուցիչներու, լրատուական գրագիտութեան ձեռնարկին: «Ուրախ եմ, որ լրատուական գրագիտութիւնը սկսած է կարեւոր նկատուիլ եւ կը գնահատուի կրթութեան, հասարակագիտութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքին մէջ: Անիկա իսկապէս մեծ հարց է ամբողջ աշխարհին մէջ, քանի որ լրատուական դաշտը կը փոխուի, եւ, բնականաբար, մարդոց կրթուածութեան աստիճանն ալ այդ մարզին մէջ պէտք է փոխուի եւ կարեւոր նկատուի յատկապէս երիտասարդութեան շրջանակին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.