2017-04-19 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. ''Յարուցեալ Քրիստոսը` մեր Յոյսը''։


1 Եղբայրնե՛ր, կը գիտցնեմ ձեզի այն աւետարանը՝ որ քարոզեցի ձեզի, ու դուք ալ ընդունեցիք եւ անոր մէջ հաստատ կը կենաք:

2 Անով նաեւ կը փրկուիք, եթէ յիշողութեան մէջ պահէք ինչ որ աւետեցի ձեզի. այլապէս՝ զուր տեղը հաւատացած կ՚ըլլաք:

3 Որովհետեւ նախ աւանդեցի ձեզի այն՝ որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար՝ Գիրքերուն համաձայն, 4 թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Գիրքերուն համաձայն, 5 ու երեւցաւ Կեփասի, ապա տասներկուքին: (Ա Կորընթ 15, 1-5)

(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր իրարու կը հանդիպինք Սուրբ Զատկուայ լոյսին ներքոյ որ յիշատակեցինք ու կը շարունակենք յիշատակել։ Ասոր համար մեր Քրիստոնէական յոյսին խորհրդածութիւններու ուղիի ծիրէն ներս այսօր  կ՛ուզեմ խօսիլ Յարուցեալ Քրիստոսի մասին, մեր Յոյսը, այնպէս ինչպէս զայն կը ներկայացնէ Պօղոս Առաքեալ Կորնթացիներու ուղղած առաջին նամակին մէջ'': Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ 19 ապրիլ 2017-ի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը, զոր անգամ մը եւս յատկացուց Քրիստոնէական Յոյսին։

Նամակին մէջ առաքեալը կը փորձէ որոշ հարցերու լուծումներ որոնել։ Յարութեան նիւթը  նամակին վերջին մասը կը կազմէ սակայն ան, կարեւորութեան շարքով, առաջինն է, որովհետեւ ամէն ինչ անոր վրայ կը հիմնուի, ըսաւ ապա Քահանայապետը, դիտել տալով թէ Պօղոս առաքեալ կը մեկնի անհերքելի իրականութենէ մը, որտեղէն ծնունդ կ՛առնէ քրիստոնէութիւնը, գաղափարախօսութիւն մը կամ փիլիսոփայական հոսանք մը չէ այդ, ­ այլ հաւատքի ուղեւորութիւն որ կը հիմնուի իրական դէպքի մը վրայ, վկայուած Յիսուսի առաջին աշակերտներէն - ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց Պօղոս առաքեալի խօսքերուն. ''Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար՝ Գիրքերուն համաձայն, թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ ու երեւցաւ Պետրոսի, ապա տասներկուին'' (Ա Կորընթ 15, 3-5)։

Այս հաւատքի սիրտը կազմող եղելութիւնը հռչակելով, Պօղոս շեշտը կը դնէ Զատկուայ խորհուրդին վրայ, այսինքն թէ Յիսուս Յարութիւն առաւ։ Արդարեւ եթէ ամէն ինչ վերջ գտած ըլլար մահով, Յիսուսին մէջ մենք ունէինք անվերապահ նուիրումի մը օրինակը­, սակայն այդ մէկը մեր հաւատքը պիտի չի հրահրեր - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''հաւատքը կը ծնի Յարութենէն''։

Ընդունիլ որ Քրիստոս մեռաւ խաչին վրայ, հաւատքի դաւանանք մը չէ։ Մինչ ընդունիլ թէ Ան Յարութիւն առաւ այո՛ յարեց Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատելով թէ մեր հաւատքը ծնունդ կ՛առնէ Զատկուայ առաւօտուն։ 

Պօղոս առաքեալ իր նամակին մէջ կը թուէ բոլոր այն անձերը որոնց յայտնուեցաւ Յիսուս իր յարութենէն ետք. Անոնցմէ առաջինը եղաւ Կեփասը` այսինքն Պետրոսը մինչ վերջինը Ինք Պօղոս  ''Բոլորէն ետք՝ երեւցաւ նաեւ ինծի, որպէս թէ վիժածի մը'': Այսպէս կ՛արտայայտուի Պօղոս ինքն իր մասին որովհետեւ ինք` Եկեղեցին հալածողներէն մին էր, հպարտ իր անձնական  համոզումներով...սակայն իր այս ''իրականացուած'' կեանքին մէջ կը պատահի անսպասելի դէպք մը`  Յարուցեալ Յիսուսին հետ հանդիպումը դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Եւ այդ հանդիպումը կը փոխէ անոր կեանքի ամբողջական իմաստը։ Ի՞նչ գեղեցիկ է մտածել թէ քրիստոնէութիւնը հիմնականօրէն այս է - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը -  Ոչ թէ մեր Աստուծոյ փնտռտուքը այլ Աստուած որ մեզ կը փնտռէ։  Յիսուս մեզ ներգրաւեց որպէսզի այլեւս երբեք չթողու մեզ։

Քրիստոնէութիւնը շնորհք է, անակնկալ է, ու ասոր համար կ՛ենթադրէ զարմանքի կարող  սիրտ մը, յարեց ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ  ''նոյնիսկ եթէ մեղաւորներ ենք, նոյնիսկ եթէ մեր բարի առաջադրանքները մնացին գրուած թուղթի մը վրայ, եւ կամ եթէ անդրադառնանք թէ մեր կեանքին մէջ միայն անյաջողութիւններ իրականացուցած ենք .... Սուրբ Զատկուայ առաւօտուն, կրնանք ընել աւետարանի այն անձերուն պէս, երթալ Յիսուսի գերեզմանը ու տեսնել գլորուած հսկայ քարը ու մտածել այն բաներուն զոր Աստուած կ՛իրագործէ ինծի համար, մեզի բոլորիս համար, անսպասելի ապագային։ Այնտեղ ուր արդարեւ կայ ուրախութիւն ու կեանք, մինչ բոլորը կը կարծէին թէ այնտեղ պիտի գտնէին միայն տխրութիւն, պարտութիւն ու խաւար։ Աստուած իր ծաղիկները կարող է բուսնեցնել նոյնիսկ անջրդի քարերու վրայ - հաստատեց Քահանայապետը ու նշեց թէ ''Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ոչ թէ մահը այլ Աստուծոյ սէրը ունենալ որպէս մեկնակէտ մեզի համար։

Պօղոս առաքեալ արդարեւ կը բացագանչէ ''Ո՞ւր է ով մահ յաղթանակդ։ Ո՞ւր է ով մահ խայթոցդ''։ Այս Սուրբ Զատկուայ օրերու ընթացքին մեր սրտերուն մէջ կռենք այս աղաղակը եւ եթէ մեզի հարց տան մեր ժպիտի եւ ուրախութեան մասին ինչպէս նաեւ մեր համբերատար բաժնեկցութեան մասին, կարող ըլլանք պատասխանել թէ Յիսուս տակաւին հոս է, ու կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, առաջինները խրախուսեց Զատկական պատգամը ապրիլ լիակատար կերպով, ամենուրէք վկայելով խաղաղութիւնը` որ է Յարուցեալ Քրիստոսի պարգեւը, ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը ուղղելով հիւանդներուն հրաւիրեց զանոնք յարատեւ նայիլ Անոր որ յաղթեց մահուան ու մեզ կ՛օգնէ տառապանքը ընդունելու որպէս առանձնաշնորհեալ պահ մը` ապաշխարութեան եւ փրկութեան հուսկ նորապսակներուն յորդորեց ընտանեկան կեանքի առօրեան ապրիլ այն գիտակցութեամբ թէ Յիսուս ներկայ է ու կ՛ապրի իրենց տան ներքոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.