2017-04-19 09:07:00

Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան Տօնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին  հանդիսապետեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, որ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Ս. պատարագը սկսաւ հայրապետական թափօրի հանդիսաւոր մուտքով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ: Առընթերակայ պատարագակիցներն էին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

Յընթացս պատարագին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով իր պատգամը ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն եւ ըսաւ.

«Մեր քարոզած Քրիստոսը մեռած կ՛ըլլայ, եթէ մեզի համար լոկ հին յիշատակ մըն է. բայց Յարուցեալը մեր առջեւն է, մեր ներկան է, մեր ապագան, ոչ թէ մեր անցեալը: Ի՛նքն է, որ այսօրուան պատմութիւնը կը գրէ: Թերեւս պիտի նախընտրէինք մեռած եւ հանգստացնող խօսք մը լսել Իրմէ, քան թէ խանգարող, մեզ խրախուսող եւ դրդող հրաւէր մը»:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամին մէջ նշեց, որ Յարութեան շնորհքը մեր մեղքերուն եւ եսասիրութեան վէմը կը թաւալեցնէ: Մեր դէմը կեցած` յարուցեալ Քրիստոսը` Իր լոյսին զօրութեամբ, վէմը կը թաւալեցնէ` փարատելով մեր տարակոյսները, մեր յուսալքումները եւ մեր վախերը: Ան հաստատեց, որ ապաշխարութեան եւ ողորմութեան խորհուրդն է, որ կարող է աստուածայի՛ն ուժով տապալել մեր կեանքի բոլո՛ր արգելքները եւ լուսաւորել մեր առօրեայ ճանապարհը:

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը իր պատգամի աւարտին հաստատեց, որ Յարութեան տօնը լուսաւոր եւ փառապա՛նծ յաղթութեան օր է, որովհետեւ Քրիստոս խաչեց մահը, պայծառացուց կեանքը եւ անմահութիւնը. մեզ կ՛անցընէ` գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս, գերութենէն դէպի ազատում, ապա եզրափակեց ըսելով. «Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, երկու հազարամեայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ այսօրուան բոլոր քրիստոնեաներուն հետ, խոր հաւատքով, մեծ յոյսով եւ վառ սիրով ու անհուն ուրախութեամբ հռչակենք յաչս աշխարհի` Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

Սուրբ պատարագի ժամանակ բոլոր հաւատացեալները ճաշակեցին Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող սրբազան հացն ու գինին: Հաղորդութեան աւարտին Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը օրհնեց ժողովուրդը եւ եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.