2017-04-18 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ընթերցենք Քրիստոսի Յարութեան մասին աւետարանական հատուածներ''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այս Սուրբ Զատկուայ շաբթուան ընթացքին մեզի բարիք կը հասցնէ ամէն օր կարդալ աւետարանական հատուած մը ուր կը խօսուի Քրիստոսի Յարութեան մասին'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` հաւատացեալներուն ուղղուած յորդորը,  երեքշաբթի 18 ապրիլ 2017- հրապարակած թուիթին միջոցաւ, ուր Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ կը հրաւիրէ խոկալ Սուրբ Զատկուայ` Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդի մասին կարդալով այդ խորհուրդին հայող աւետարանական հատուածներ, որոնք մեզ պիտի օգնեն աւելի խոր կերպով հասկնալու Քրիստոսի` մարդկութեան ի սպաս զոհաբերումի իմաստը որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սէր` անհուն սիրոյ գագաթնակէտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.