2017-04-16 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի Յարութեան տօնին քարոզը Քրիստոս Յարեաւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 16 ապրիլ 2017-ին, Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած Սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին, իր սրտէն բխած պատգամ մը ուղղելով ներկաներուն ի մէջ այլոց ըսաւ.

Այսօր Եկեղեցին կը կրկնէ, կ՛երգէ կը բացագանչէ «Քրիստոս Յարեաւ»։ Պետրոս, Յովհաննէս ու կիները գերեզման գացին սիրտերը տխրութեամբ լի, պարտութեան տխրութեամբ, սակայն դամբանը դատարկ էր։ Իրենց Վարդապետը այնտեղ չէր, այն վարդապետը զոր շատ կը սիրէին, որ դատապարտուեցաւ ու մեռաւ…մահէն վերադարձ չկայ։ Ահա այս է պարտութիւնը։ Սակայն հրեշտակը անոնց կ՛ըսէ «հոս չէ Յարութիւն առաւ»։ Առաջին աւետիսը այս է  «Յարութիւն առաւ» որուն կը յաջորդէ դարձեալ անորոշութիւն։ Աշակերտները կը փակուին վերնատան մէջ որովհետեւ կը վախնային։

Եկեղեցին չի դադրիր կրկնելէ. «կանգ առէք. Տէրը յարութիւն առաւ»։

«Եթէ Տէրը յարութիւն առաւ, ինչո՞ւ ուրեմն կը պատահին դժբախտութիւնները, ոխն ու ատելութիւնը։ Ու՞ր է Տէրը»։ Հարց տուաւ Քահանայապետը  ակնարկելով ծանր հիւանդութենէ տառապող երիտասարդի մը հետ ունեցած հեռաձայնային մէկ կապի, որուն քահանայապետը ըսած է «ես բացատրութիւն չունիմ թէ ինչո՞ւ կը պատահին քեզի այս բաները։ Նայիր Յիսուսին` Խաչին վրայ։ Աստուած նոյնը ըրաւ որ Միածին Որդիին հետ»։

Այսօր Եկեղեցին կը շարունակէ ըսել. Յիսուս Յարեաւ։ Եւ այս մէկը երեւակայական հարց մը չէ. Քրիստոսի Յարութիւնը լոկ ծաղիկներով տօնախմբութիւն մը չէ, այլ խորհուրդն է գլորուած ժայռին որ կը դառնայ մեր գոյութեան հիմնաքարը։ Քրիստոս Յարեաւ, այս է նշանակութիւնը։

Ի՞նչ կ՛ըսէ մեզի եկեղեցին ի տես աղէտներուն։ Պարզապէս թէ Քրիստոս Յարեաւ ու անոր Յարութիւնը մեզի համար դարձաւ ուրախութիւն ու ցնծութիւն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր երբ վերադառնաք ձեր տուները  ձեր սրտերուն մէջ կրկնեցէք Քրիստոս Յարեաւ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.