2017-04-15 08:07:00

''Յարուցեալ Քրիստոսը եւ Յարուցեալները'' Վեր­. Վահան Յ. Թութիկեանի Ս. Զստկուան պատգամը։


Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք՝ Իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս Իրեն կցորդ պիտի ըլլանք Իրեն հետ յարութիւն առնելով (Հռովմ. 6.5)

Զատիկը ցնծութեան եւ յաղթանակի տօնն է, որովհետեւ անիկա կ՛ոգեկոչէ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական յարութեան դէպքը: «Չէ աստ քանզի յարեաւ» ամէնէն հրաշալի լուրն էր որ աւետաբեր հրեշտակը կու տար առաջին Զատկուան առաւօտը իւղաբեր կանանց, որոնք «ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէին»:

Քրիստոսի յարութիւնը Յիսուսի աշակերտներուն եւ առաքեալներուն քարոզութեան բներգն է: Իսկ Պօղոս Առաքեալին համար՝ իր վկայութեան եւ աւետարանչական գործին անկիւնաքարը: Այսպէս կը գրէ ան. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը: Բայց ոչ. Քրիստոս արդարեւ յարութիւն առած է» (Ա. Կորն. 15. 14, 20):

Ըստ Պօղոս Առաքեալի՝ Քրիստոսի յարութիւնը անհերքելի իրականութիւն մըն է, որովհետեւ առանց յարութեան, մարդկութեան փրկութիւնը անկարելի պիտի ըլլար: Մահուընէ պարտուած Յիսուսը պիտի չկարենալ Փրկիչ ըլլալ մարդկութեան: Առանց Քրիստոսի յարութեան, Անոր մահը ալ առաւելն մարտիրոսութիւն մը պիտի ըլլար, ոչ աւելի: Ճշմարիտ քրիստոնեաները մարտիրոս մը չէ որ կը պաշտեն, այլ յարուցեալ եւ յաւէտ ապրող Քրիստոսը:

Բայց աւելին, Քրիստոնէական եկեղեցին քսան դարերէ ի վեր հռչակած է Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը ոչ միայն իբրեւ պատմական դէպք, որ պատահեցաւ Աւագ Ուրբաթէն քանի մը տասնեակ ժամեր ետք Մէկշաբթի առաւօտուն, այլ նաեւ, բայց մանաւանդ՝ որպէս անձնական փորձառութիւն Յիսուսի առաջին հետեւորդներուն կողմէ, եւ այնուհետեւ քսան դարերու ընթացքին միլիոնաւոր հաւատացեալներու կողմէ: Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը յեղաշրջած է անոնց կեանքն ու կենցաղը, նոր աւիւն եւ նոր աշխարահայեացք տուած է անոնց կեանքին:

Արդարեւ, իր պատմական տարողութենէն տարանջատաբար՝ Քրիստոսի յարութիւնը մեծապէս նշանակալից կը դառնայ, երբ անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուած է: Մարդիկ կրնան պատմական դէպք մը ուրանալ, կրնան կրօնական վարդապետութիւն մը հերքել, բայց անձնական փորձառութիւն մը անուրանալի եւ անհերքելի է:

Քրիստոսի աշակերտները հաւատացին ոչ միայն անոր համար որ իրենք յարուցեալ Յիսուսը տեսան, Անոր հետ սեղան նստան եւ կերակուր կերան, Անոր հետ քալեցին եւ Անոր ֆիզիքական ներկայութիւնը վայելեցին, այլ նաեւ Անոր հոգեւոր ներկայութիւնը իրենց համար ամէնօրեայ փորձառութիւն դարձաւ: Պօղոս Առաքեալ Յիսուսի յարութեան ականատես չըլլալով հանդերձ յարութեան զօրութիւնը զգացեր էր իր կեանքին մէջ, եւ կրցած էր ըսել. «Ես չէ որ կ՛ապրիմ, այլ Քրիստոս է որ կ՛ապրի իմ մէջս» (Գաղ. 2. 20):

Այդ փորձառութիւնը դարեր շարունակ քանիցս կրկնուած է կեանքին մէջ մարդոց, որոնք իրենց կարգին, Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը զգացած են իրենց կեանքին մէջ. իրենց կեանքը յեղաշրջուած է եւ իրենց հոգին նորոգուած: Յարուցեալ Քրիստոսը յարուցած է զանոնք եւ նոր կեանք տուած է անոնց: Անոնք իրենց մեղքերու գերեզմանէն յարութիւն առնելով, կրցած են իրենց կեանքով ու կենցաղով վկայել, թէ Քրիստոս յարութիւն առած է եւ յաղթական Տէր է:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ՝

Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի








All the contents on this site are copyrighted ©.