2017-04-15 10:26:00

Ճանապարհ Խաչի. Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը ''Տէր քեզի կու գանք ամօթխածութեամբ եւ յոյսով''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 15 Ապրիլին Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, նախատեսուած է  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը, զոր կը գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որուն առթիւ Ան Սուրբ Պետրոսի ներքնաբակին մէջ կը կատարէ ''նոր կրակի օրհնութեան'' արարողութիւնը'' ապա կը նախագահէ` Սուրբ Գրային ընթերցումներու, Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներու ծիսակատարութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամները։

Իսկ երէկ` ուրբաթ 14 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց աւագ ուրբաթ օրուայ ծիսակատարութեան մաս կազմող Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը, զոր աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ Հռոմի Քոլլոսէում ամփիթատրոնի տարածքին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` ըստ Վատիկանեան ոստիկանութեան տուեալներուն, 20 հազարէ աւելի հաւատացեալներ։

Արարողութեան ընթացքին Հռոմի Թեմին տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին, շալկեց Ճանապարհ Խաչի առաջին կայանի խաչը որ ապա յանձնեց Հռոմէացի մէկ ընտանիքին, որուն յաջորդեցին ''U.N.I.T.A.L.S.I.'' ընկերակցութեան անդամներ ու տարբեր երկիրներու աշխարհական ու կղերական ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նաեւ Չինաստանը ու երեք երկիրներու ներկայացուցիչներ` ուր այս տարի Նորին Սրբութիւնը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ` Եգիպտոսը, Փորթուկալը եւ Քոլոմպիան։

Ճանապարհ խաչի արարողութիւնը որուն այս տարուայ 14 կայաններու խորհրդածութիւնները պատրաստած էր Ֆրանսացի Աստուածաշունչի ուսումնասէր` Տիկ Ան Մարի Փելլիթիէ եզրափակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին արտասանած յատուկ աղերսով որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ.

Ով Քրիստոս` մինակ թողուած ու դաւաճանուած նոյնիսկ քուկիններէդ,  ծախուած ոչինչ գումարով, դատապարտուած մեղաւորներէն, պսակուած փուշէ պսակով, գամուած խաչին վրայ ու սիրտդ խոցուած գեղարդով...Ով Քրիստոս մերած ու թաղուած, Դուն` որ կեանքի եւ գոյութեան Աստուածն ես։ Ով Քրիստոս մեր միակ փրկիչը, քեզի կը վերադառնանք այս տարի, լի ամօթխածութեամբ ու միաժամանակ մեր սրտերուն մէջ յոյսով.

Ամօթ կը զգանք բոլոր այն հակամարտութիւններուն պատճառած աւերներուն  համար, նաւաբեկութիւններուն համար որոնք դարձան կեանքի առօրեայ։ Ամօթ այդ կիներէն, մանուկներէն ու գաղթականներէն հոսած անմեղ արիւնին համար­, ու մարդոց` որոնք հալածուած են իրենց մորթի գոյնին կամ իրենց ցեղային պատկանելիութեան համար եւ կամ  Քեզի հաւատալուն համար։

Ամօթ` այն անգամներուն որոնք Յուդայի եւ Պետրոսի նման քեզ ծախեցինք, ուրացանք դաւաճանեցինք ու միակ լքեցինք, թոյլ տալով որ մեռնիս մեր մեղքերուն համար, փախուստ տալով մեր պատասխանատուութիւններէն։

Ամօթ` անարդարութիւններուն դիմաց` մեր լռութեան համար...Ամօթ ամէն այն անգամներուն ուր մենք` եպիսկոպոսներս, քահանաներս եւ օծեալներս գայթակղեցուցինք եւ վիրաւորեցինք քու Մարմինդ` եկեղեցին­, ու մոռցանք մեր առաջին սէրը, թոյլ տալով որ ժանգը պատէ մեր սիրտը։

Ամօթխածութիւն Տէր այո, սակայն մեր սիրտը կարօտը ունի նաեւ այն վստահելի յոյսին, որով գիտակից ենք թէ Դուն մեզի հետ չես վարուիր մեր արժանիքներու հիման վրայ, այլ միայն քու անհուն ողորմութեանդ  առատութեամբ։

Այդ վստահելի յոյսը` որով գիտենք թէ մեր անունները փորագրուած են սրտիդ մէջ, յոյս` որովհետեւ Քու Խաչդ մեր կարծր սրտերը կը բարեփոխէ, զանոնք դարձնելով կարող երազելու, ներերու եւ սիրելու։ Յոյս` որով այդ Խաչիդ մռայլ  գիշերը կը փոխուի քու Յարութեանդ փայլակնացայտ լուսաբացի։

Յոյս` որովհետեւ քու հաւատարմութիւնդ չի հիմնուիր մեր հաւատարմութեան վրայ, յոյս` որովհետեւ եկեղեցիդ պիտի փորձէ ըլլալ ձայնը որ կ՛աղաղակէ մարդկութեան անապատին մէջ, պատրաստելու համար քու հրաշափառ գալուստդ երբ դարձեալ պիտի գաս դատելու ողջերն ու մեռեալները։

Յոյս` թէ բարին պիտի յաղթանակէ հակառակ տեսանելի պարտութեան։

Ով Տէր Յիսուս, Որդի Աստուծոյ, անմեղ զոհ մեր փրկութեան, քու մահուան ու փառքին խորհուրդին դիմաց, մենք կ՛երկրպագենք, ամօթով եւ յոյսով, ու քեզմէ կը խնդրենք որ մեզ լուաս քու սուրբ սրտէդ հոսած արիւնով եւ ջուրով, կը հայցենք որ ներես մեր մեղքերը, կը խնդրենք որ յիշես մեր եղբայրները որոնք թիրախ են պատերազմի, անտարբերութեան ու բռնութեան, կը խնդրենք որ փշրես շղթաները որ մեզ բանտարկուած կը պահեն մեր եսասիրութեան մէջ ու մեր կամաւոր կուրութեան մէջ ու մեր աշխարհիկ հաշիւներու ունայնութեան մէջ։

Ով Քրիստոս` Քեզմէ կը խնդրենք որ մեզի սորվեցնես երբեք  չամչնալ Քու Խաչէդ եւ չի շահագործել Զայն, այլ պաշտել եւ յարգել Զայն, որովհետև Դուն անոր միջոցաւ յայտնեցիր մեր մեղքերուն դաժանութիւնը եւ քու սիրոյդ մեծութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր դատողութիւններուն անարդարութիւնը, եւ քու ողորմութեանդ զօրութիւնը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.