2017-04-14 09:51:00

Հալէպի մանուկները այս տարի Սուրբ Զատկուայ տօնին որպէս նուէր դագաղներ պիտի չստանան


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Յիսուս եւ Մարիամ դուստրեր՝՝ միաբանութեան կրօնաւորուհի՝ Քոյր Անի Տեմերճեան,  ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է,  թէ  ի տարբերութիւն անցեալ տարի՝ Սուրբ Զատիկի օրուան, ուր Հալէպի մանուկները որպէս նուէր ստացած էին դագաղներ, այս տարի Յիսուսի Յարութեան Սուրբ Զատիկի տօնին  օրը՝  Հալէպի մէջ վերջապէս կը տիրէ խաղաղ կացութիւն եւ դադրած են ռմբակոծումները։

Քոյր Անի յայտնած է,  թէ այժմ Հալէպի բնակչութիւնը աւելի ապահով վիճակի մէջ կը գտնուին. հաւատացեալները եկեղեցի կ՝երթան, ապա՝ ապահով տուն կը վերադառնան։ Ան ապա՝  մաղթանք յայտնած  է,  որ  քաղաքէն փախուստ տուող բոլոր անձերը կարենան իրենց տուները  վերադառնալ ,կառուցելու համար իրենց բնակարանները ու յառաջիկայ տարի  Սուրբ Զատիկին,  անոնք կարենան բնակիլ իրենց օճախներուն մէջ։

Քոյր Անի Տեմերճեան, շնորհակալութիւն յայտնած է ՝՝ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ բարեսիրական հաստատութեան բոլոր բարերարներուն, որոնք  Սուրիոյ բնակչութեան կողքին կանգնեցան՝ ահաւոր ժամանակաշրջանին , ամոքելով  ժողովուրդին ցաւերը։

՝՝Շնորհակալ ենք որովհետեւ մեզի  օգնեցիք՝ խաչը կրելու համբերութեամբ ՝՝ ըսած է Քոյր Անին եզրափակելով իր խօսքը''








All the contents on this site are copyrighted ©.