2017-04-14 09:42:00

Երեւան. «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:


Ապրիլ 13-ին  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ «Երեւան Մոլ» առեւտուրի եւ զուարճանքի համալիրին մէջ բացուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը,, նախարարը շրջեցաւ տաղաւարներով, ծանօթացաւ սուրիահայերու աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց անոնց սպասարկման մշակոյթն ու մատուցման ոճը եւ հիացմունք յայտնեց յատկապէս ձեռագործ աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարը պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին երկրի ղեկավարութեան, կառավարութեան ծրագիրները ուղղուած են անոր, որ սուրիահայերը հաստատուին, մնան ու արարեն իրենց Հայրենիքի` Հայաստանի մէջ, համարկուին հասարակութեան մէջ: Այս ցուցահանդէս-տօնավաճառները ատոր ապացոյցն են եւ նպատաուղղուած են նաեւ սուրիահայերու ընդելուզման: Յիսունէ աւելի անհատ ձեռներէցներ կամ մանր գործարարութեան ներկայացուցիչներ  այս պահուն իրենց  արտադրանքը կը ցուցադրեն, կը վաճառեն, կը գտնեն գործընկերներ, կ՛ընդլայնեն իրենց գործը: Մենք, համագործակցելով ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի, ՄԱԿ-ի արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութեան եւ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան հետ, կը փորձենք արագացնել սուրիահայերու տնտեսական համարկումը: Իսկ ահա կրթական եւ ընկերային հիմնխնդիրները ամբողջութեամբ լուծուած են: Չկայ ոլորտ մը,  ուր սուրիահայերու համար դռները բաց չեն, եւ չեն գտնուիր ուղիներ անոնց օգնելու համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.