2017-04-13 09:00:00

Աւագ Հինգշաբթի. Վերջին Ընթրիք, Ոտնլուայ, Մատնութիւն եւ բանտարկութիւն։


Աւագ Հինգշաբթի օրուան խորհուրդը ամփոփուած է շարականի տողերուն մէջ՝

“Հօր Որդին ծառայի վիճակ առաւ, առանց զրկուելու աստուածութենէն։

Ջրով կը լուայ ոտքերը՝ որպէսզի անոնց խոնարհութեան օրինակ տայ, որպէսզի ըլլան Երրորդութեան օթեւան։

Իր մարմինը եւ արիւնը կը բաշխէ իբր նոր ուխտ։

Այսօր Ան խոնարհութեան օրինակ հանդիսացաւ՝ մեզի վարքի ուղղութիւն տալով։»

Յովհաննէսի Աւետարանի ԺԳ-ԺԷ գլուխները Սուրբ Գրքի ամենէն սրտառուչ հատուածներն են։ Այնտեղ Յիսուս Իր առաքեալներուն կու տայ վերջին յորդորներ ու պատգամներ, անոնց կրկին կու տայ սիրոյ պատուիրանը։ Ծանր է պահը, տխուր է Յիսուս, տխուր են եւ առաքեալները։ Յիսուս կը յայտնէ Իր մօտալուտ չարչարանքներն ու մահը։ Առաքեալներուն հոգիներն ու մտքերը թանձրացած են, անոնք չեն հասկնար կատարուածը։ Յիսուս կը խօսի մատնիչի մասին։ Յուդայի մատնութիւնը զԱյն կը վրդովեցնէ, սակայն չի զայրացներ։ Ընդհակառակը, Անոր զոհաբերումը կատարեալ է, կʼուզէ մշտապէս մնալ մարդոց մօտ՝ մարմնապէս, տեսանելի, շօշափելի, ճաշակելի։ Հացն ու գինին կը սրբագործէ, եւ մատուցանէ իբր Իր մարմինը։ Ապա կը պատուիրէ՝ “Կատարեցէք այս իմ յիշատակիս համար։”

Շարականը Քրիստոս կը ներկայացնէ իբր «Աղբիւր լոյսի եւ անշիջանելի լոյսի ճառագայթ։ Մարդ ճշմարիտ եւ գառն անարատ։ Բան Հօր եւ քահանայապետ ճշմարիտ։ Լոյս՝ հայրական ծոցէն բխած՝ հալածիչ մեղքի խաւարին։ Անապականութեան աղբիւր։» Մարդկային մեղսականութեան եւ մեղքի խաւարին մէջ Քրիստոս կը ճառագայթէ իբր լոյս, եւ ինչպէս Ս. Գրիգոր Նարեկացի կʼաղօթէ՝

«Ի ծագել անստուեր նշուլից ողորմութեան քոյ փառաց՝ հալին մեղք. հալածին դեւք. ջնջին յանցանք. խզին կապանք. խորտակին շղթայք. կենդանածնին մահացեալք. բժշկին հարուածք. ողջանան վէրք. բառնին ապականութիւնք. տեղի տան տխրութիւնք. նահանջին հեծութիւնք. փախնու խաւարն. մեկնի մէգն. մերժի մառախուղն. փարատի մռայլն. սպառի աղջամուղջն, վերանայ մութն. գնայ գիշերն. տարագրի տագնապն. չքանան չարիքն. հալածին յուսահատութիւնքն. եւ թագաւորէ ձեռն քո ամենակար՝ քաւիչդ ամենայնի։»

Քրիստոսի մարմինը փրկարար է, կենսատու՝ «ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ըմպէ արիւնս՝ յաւիտենական կեանք ունի»։ (Յովհ Զ. 54)

Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուս կը լուայ առաքեալներու ոտքերը։ Ան կը հանդիսանայ իբր օրինակ խոնարհութեան։ Ան կը մաքրէ ամբողջ մարդ արարածը՝ վերածելով զայն «Սուրբ երրորդութեան օթեւանի»։ Եկեղեցիներու մէջ կը կատարուի ոտնլուայի կարգը, ի յիշատակ Յիսուսի տուած օրինակին։ Ոտնլուայի կարգը կը վերագրուի Եփրեմ Ասորիի, որ թարգմանած է Հայոց Կաթողիկոս Գրիգոր Վկայասէրը։

Աւագ Հինգշաբթի օր կը կատարենք ապաշարողներու արձակման արարողութիւնը։ Այն հաւատացեալները, որոնք մեծ պահքի քառասուն օրերը պահեցողութեամբ անցուցած են, կ’ընդունին մեղքերու արձակում եւ ապա կը մօտենան Սուրբ Հաղորդութեան։ Այս արարողութիւնը կը կատարուի 15 սաղմոսներով եւ Յովնան մարգարէի աղօթքով։ Եւ ապա ծնրադիր կ’երգեն շարականը

“Զարհուրեալ դողացաւ ամենամեղ անձն իմ յահեղ քոց դատաստանաց յաններելի տանջանացն։

Քանզի կամաւ մերձեցաւ ի մեղս մեծամեծս արդ կայ եւ մնայ ինձ աններելի պատուհասն։

Արդ անկեալ աղաչեմ փրկիչ եւ բարերար խնայեա յիս ի մեղուցեալս եւ ողորմեա բազմամեղիս։”

Սաղմոսներ եւ շարականներ կը յաջորդեն իրար։ Ապա ապաշխարողներուն վրայ կը կարդացուի Յովհաննէս Ոսկեբերանի աղօթքը, որ կը փակուի՝ “Եւ արդ՝ տու´ր մեզ զհացն սրբութեան մարմնոյ միածնի քո, որով կեցցուք. եւ արբո´ զմեզ գինւով անուշութեամբ ուրախութեանբ սուրբ բաժակին. զի արբեալ միշտ ուրախասցուք յանսպառ ուրախութիւնդ. եւ վյելեսցուք յանկապուտ ճոխութիւնդ՝ յերջանիկ յօթեւանս հօրդ երկնաւորի. զոր պատրաստեցեր ի սկզբանէ աշխարհի սրբոց քոց. եւ ընդ նոսին գոհանալով փառաւորեսցուք զՀայր եւ Որդի եւ զՍուրբ Հոգիդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։”








All the contents on this site are copyrighted ©.