2017-04-13 14:25:00

Յառաջիկայ 1 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այց կը կատարէ Չեզենա եւ Պոլոնիա քաղաքներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդառաջելով Չեզենա քաղաքի եպիսկոպոս` գերապայծառ Տուկլաս Ռեկաթթիերիի եւ Պոնլոնիա թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփիի հրաւէրներուն, յառաջիկայ 1 հոկտեմբեր 2017-ին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ այդ քաղաքներուն, Չեզենա քաղաքի զաւակ Պիոս Զ Պապի ծննդեան 300-րդ տարեդարձին, ապա Պոլոնիա Քաղաքի Սուրբ Հաղորդութեան թեմական գիտաժողովին առիթներով։

Նորին Սրբութիւնը նախ պիտի այցելէ Չեզենա քաղաքը հանդիպում ունենալով հաւատացեալներուն, կղերական դասին, երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն հետ ապա պիտի փոխադրուի Պոլոնիա ուր նախատեսուած է հանդիպում գաղթական երիտասարդներուն հետ հուսկ Մարեմեան աղօթքը` որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բանուորական աշխարհի անդամները։

Ֆրանչիսկոս Պապ կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի  աղքատներուն հետ ապա կը հանդիպի տեղական կղերական դասին հետ հուսկ հանդիպում կ՛ունենայ համալսարանական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը միօրեայ հովուական այցելութիւնը կ՛եզրափակէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որմէ ետք վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.