2017-04-13 09:07:00

«Նարեկի Տիրամօր» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տարեցներու հաւաք` Ս. Զատկուան Տօնին առիթով։


Ս. Զատկուան տօնին առիթով չորեքշաբթի, 12 ապրիլի առաւօտեան, Պուրճ Համուտի «Նարեկի Տիրամօր ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը` մասնակցութեամբ 35 տարեցներու, ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի:

Կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ անոնք պէտք է շնորհակալ ըլլան Աստուծոյ ամէն բանի մէջ, ինչպէս նաեւ երախտագէտ ըլլան, որ իրենց մասին մտածող եւ հոգացող ընկերային ծառայողներ կան:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց կեդրոնին մատուցած ծառայութիւնները տարեցներուն նկատմամբ` մաղթելով կեդրոնին նորանոր յաջողութիւններ իր առաքելութեան մէջ: Ան տարեցներուն մաղթեց  առողջութիւն եւ երկար կեանք:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ, որուն աւարտին բոլորին բաժնուեցան տուրմէ հակիթներ, ինչպէս նաեւ զատկուան աւանդական «քաթա»-ն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Գարմէն Աճեմեան, որ մեկնաբանեց երգերու փունջ մը` մեծապէս խանդավառելով ներկաները:

Յայտնենք, որ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերաբժշկական կեդրոնը ունի ընկերային եւ բժշկական բաժանմունք: Ընկերային բաժանմունքը տրամադրուած է տարեցներու, որոնք օրուան ընթացքին կ՛այցելեն կեդրոն եւ հաճելի ժամեր կ՛անցընեն իրարու հետ, կը հիւրասիրուին եւ կ՛աղօթեն կեդրոնի մատրան մէջ: Կեդրոնը տարին երկու անգամ նման հաւաք կը կազմակերպէ անոնց համար: Առաջինը` Նոր տարուան, իսկ երկրորդը` Ս. Զատկուան տօնին առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.