2017-04-12 10:09:00

Աշխարհիկ յոյսերը եւ Խաչին յոյսը։ Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


''Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ցորենին հատիկը հողին մէջ իյնալով չմեռնի՝ ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի՝ շատ պտուղ կը բերէ”: Ա՛ն որ կը սիրէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կ՚ատէ իր անձը այս աշխարհի մէջ՝ յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զայն:'' (Յովհ 12, 24-25)

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 12 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Քրիստոնէական յոյսի վրայ շեշտը յատկապէս դնելով Յիսուսի Խաչին մեզի պարգեւած յոյսին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան - անցեալ կիրակի յիշատակեցինք Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը ամբոխի եւ աշակերտներու հրճուանքին մէջ։ Այդ մարդիկը շատ յոյսեր ունէին Յիսուսին վրայ. Շատեր Անորմէ հրաշքներ կ՛ակնկալէին, ինչպէս նաեւ իշխանութեան դրսեւորումներ ու նոյնիսկ թշնամիներու բռնագրաւումէն ազատութիւն։ Ո՞վ անոնցմէ կարող էր երեւակայել թէ այդ պահէն քիչ անց Յիսուս պիտի ենթարկուէր նուաստացումի, պիտի դատապարտուէր ու պիտի սպաննուեր Խաչին վրայ։ Այդ մարդոց երկրային յոյսերը փլուզուեցան Խաչին դիմաց։ Սակայն մենք կը հաւատանք որ ճիշտ այդ Խաչեալին մէջ է որ մեր յոյսը վերստին ծնունդ առաւ։ ''Աշխարհի յոյսէն տարբեր յոյս մը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսին Երուսաղէմի մէջ արտասանած խօսքերուն ''Եթէ մանանեխի հատիկը հողին մէջ չ՛իյնայ ու չի մեռնի, ինք միակ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ (Յովհաննէս 12,24)''։

Յիսուս` աշխարհին բերաւ նոր յոյս մը ու այդ ըրաւ հատիկի նմանութեամբ, մանանեխի հատիկին նման փոքր դարձաւ ու իր երկնային փառքը լքելով մեր մօտ բնակեցաւ։ Ինկաւ հողին մէջ։ Յիսուս պտղաբեր դառնալու համար ապրեցաւ անծայրածիր Սէրը, որմէ ապա յոյսը ծիլ առաւ - յարեց Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով թէ ինչպէս Ան` Զատկուայ օրը, իր վրայ կռեց մեր մեղքերը զանոնք փոխակերպելով ներումի,  մեր մահը` յարութեան,  մեր վախերը` վստահութեան։

''Ասոր համար է որ Խաչին վրայ ծնունդ առաւ ու միշտ ծնունդ կ՛առնէ մեր յոյսը'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ ասոր համար է որ Յիսուսին հետ մեր ամէն մէկ խաւար կարող է փոխուիլ լոյսի, ամէն մէկ ձախողութիւն յաղթանակի, ամէն մէկ յուսալքում յոյսի։

Երբ ընտրենք Յիսուսին յոյսը, կը հասկնանք թէ յաղթական ապրելակերպը հատիկին ու խոնարհ սիրոյ կերպն է։ Այլ ճանապարհ չկայ յաղթելու համար չարին ու աշխարհին պարգեւելու յոյսը, որովհետեւ այդ ճանապարհը Աստուծոյ ընտրած ճանապարհն է ու միակն է որ պտուղ կը պարգեւէ։ ։

Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ '' ան որ կը սիրէ իր անձը պիտի կորսնցնէ զայն­, իսկ այն որ կ՛ատէ իր անձը այս աշխարհին վրայ, զայն կը պահէ յաւիտենական կեանքին համար'' ու կը դառնայ յաղթական, ու աշխարհի համար յոյսի սերմ։

Այդ իսկական սէրը կ՛անցէ Խաչի, զոհաբերումի ճանապարհէն, Յիսուսի նման, հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը։ Խաչը արդարեւ ստիպողական անցք մըն է, թէեւ նպատակակէտ մը չէ որովհետեւ նպատակը փառքն է որ մեզի ցոյց կու տայ Սուրբ Զատիկը – աւելցուց Նորին Սրբութիւնը  մէջբերելով Յիսուսին վերջին ընթրիքի պահուն արտասանած խօսքը ''Կինը ծննդաբերութեան ժամանակ ցաւերու մէջ է, որովհետեւ հասած է ժամը, բայց մանուկին ծնելէն ետք, չի յիշեր ցաւերը, ուրախութեան պատճառաւ թէ մարդ մը ծնաւ աշխարհ''(Յովհ 16,21)։ ''Ահա թէ ինչ ըսել է կեանքը պարգեւել'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը. Սէրը կ՛ընծայէ կեանք ու իմաստ կու տայ նոյնիսկ տառապանքին։ Սէրը շարժիչ ուժն է որ յառաջ կը տանի մեր յոյսը։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր. Այս օրերուն թոյլ տանք պարուրուելու Յիսուսի խորհուրդին մէջ որ մանանեխի հատիկին նման մեռնելով մեզի կեանք պարգեւեց։

Մեր հայեացքը ուղղենք Խաչին` յոյսի աղբիւրին, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց պահ մը կանգ առնել Անոր առջեւ եւ ըսել ''Քու հետդ ոչ մէկ բան կորսուած է։ Քու հետդ կարող եմ յուսալ որովհետեւ դուն ես իմ Յոյսս''։ 

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, հրաւիրելով առաջինները այս ''չարչարանաց'' ժամանակի ընթացքին խորհրդածելու Յիսուսին` մեզի վերապահած սիրոյն վրայ, հիւանդները խրախուսեց համբերութիւն ունենալ վհատութեան պահերու ընթացքին ու նորապսակներուն յորդորեց ապրիլ յոյսին մէջ` նոյնիսկ ընտանեկան կեանքի դժուար պահերու ընթացին։








All the contents on this site are copyrighted ©.