2017-04-12 10:21:00

Քաղդէացիներու Պատրիարք. ՝՝Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը աւելի զօրեղ է քան ատելութիւնն ու ահաբեկչութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  ՝՝Իրաքի եւ աշխարհի մէջ քրիստոնեաները կը պատրաստուին նշելու Յարութեան Սուրբ Զատիկը՝ հակառակ,  ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան պատճառած տառապանքներուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներուն արիւնալի յարձակումներուն՝՝. այսպէս արտայայտուած է Քաղդէացիներու՝ Ռաֆայել Լուիս Սաքո Պատրիարքը, Աւագ շաբթուայ առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ որուն մէջ Ան վերանորոգելով Քրիստոնեաներու յանձնուած համերաշխութեան եւ երկխօսութեան պարտականութիւնները, հրաւէր ուղղած է կրօնական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն կառուցելու` արդի եւ քաղաքացիական պետութիւն մը, որ գիտէ զարգացնել  դաստիարակչական, տնտեսական եւ ընկերային արդիւնաբեր ծրագիրներ, որոնք իրաքի բնակիչներուն թոյլ կու տան ձեռքբերել ապահով եւ խաղաղ ապագայ մը, որ յատկանշուած ըլլայ  արդարադատութեամբ, արժանապատուութեամբ , եւ ազատութեամբ 

Քաղդէացիներուն Պատրիարքը աւագ շաբթուան պատգամին մէջ հարկաւոր  համարած է  շօշափելի ծրագիրներուն նախաձեռնութիւնը՝ Իրաքի մէջ  քրիստոնեաներուն ներկայութեան աջակցութեան  ի սպաս, ինչպէս նաեւ քաղաքացիութեան իրաւունքներու երաշխաւորութիւնը։

Իսկ՝ Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն  ուղղած յորդորին մէջ Պատրիարք Սաքօ խրախուսած է զանոնք ամրապնդելու Քրիստոնէութեան եւ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը  եւ միացնելու իրենց բոլոր ուժերը,  որպէսզի դառնան մէկ ազգի եղբայրներ, հաւատարիմ գտնուելով իրենց քրիստոնէական ժառանգութեան  աւանդին՝ լեզուին ու մշակոյթին դիտել տալով նաեւ թէ ՝՝արտագաղթը ոչ մէջ լուծում կ՝ընծայէ՝՝ գրած Ան  








All the contents on this site are copyrighted ©.