2017-04-12 08:58:00

Սինճարի հաւաքական գերեզմաններուն մէջ յայտնաբերուած են հազարաւոր եզիտիներու դիակներ


ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի Սինճար գաւառի կառավարիչ Մահմա Խալիլ յայտարարեց, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը գաւառին մէջ իր ետին ձգած է հաւաքական գերեզմաններ, որոնցմէ մէկուն մէջ յայտնաբերուած են 1646 եզիտիներու դիակներ: Ան նշեց, որ ցարդ Սինճարի մէջ յայտնաբերուած են իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ փորուած 31 հաւաքական գերեզմաններ, որոնց մէջ թաղուած են տասնեակ հազարաւոր եզիտիներ: Խալիլ կ՛ակնկալէ, որ հաւաքական գերեզմաններուն թիւը հասնի 50ի։ Նշենք, որ քրտական Փեշմերկաները ազատագրեցին Սինճար գաւառը, որ Օգոստոս 2014ին գրաւուած էր «Իսլամական պետութեան» կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.