2017-04-12 11:40:00

ԼՂ հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ խաղաղ եւ տեւական լուծում. ԵԱՀԿ


Չնայած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան աճին եւ բանակցային գործընթացի սահմանափակ առաջընթացին, ԵԱՀԿ-ը կը  շարունակէ պնդել, որ պէտք է աշխատիլ հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական լուծում տալու ուղղութեամբ:

Ըստ Panorama.am-ի` այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ գործունէութեան 2016-ի զեկոյցին մէջ, ուր ամփոփուած են կազմակերպութեան գործունէութեան եւ իրականացուցած ծրագրերուն արդիւնքները:

«2016-ի գարնան սահմանագծի վրայ լարուածութեան սրումը մեծցուցած է հակամարտութեան լուծում տալու անհրաժեշտութիւնը: ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան ծիրէն ներս Գերմանիան մեծ ջանքեր գործադրած է այս եւ այլ հակամարտութիւնները լուծելու համար` ձգտելով ընդգծել ԵԱՀԿ ձեւաչափի ամրապնդումը հակամարտութիւններու լուծման եւ այդ հակամարտութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ տուժող մարդոց կեանքը բարելաւելու հարցով»,- նշուած է կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցին մէջ:

Ըստ զեկոյցին` Գերմանիան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող երկիր, անմիջապէս արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ապրիլին սկսած ռազմական գործողութիւններուն եւ հրաւիրած Մշտական խորհուրդի արտակարգ նիստ` կոչ ընելով իրականացնելու Ս. Փեթերզպուրկի եւ Վիեննայի մէջ նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Հաշուետուութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ 2016-ի ընթացքին Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը ԵԱՀԿ-ին 45 408 եւրոյի նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է: Նաեւ կը նշուի, որ կողմերուն աջակցութեամբ՝ 2016-ի ընթացքին ԵԱՀԿ-ը մշտադիտարկում իրականացուցած է 22 անգամ, որուն 5-ը` հայ-ատրպէյճանական սահմանին, իսկ 17-ը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.