2017-04-11 09:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ վճռակամ հաստատեց իրականացնել Եգիպտոս ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 10 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ` իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Ֆրանչիսկեան վանական փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան Աբբահայրը` Հայր Մարքօ Թասքա  յայտնած է թէ հակառակ Եգիպտոսի մէջ կայացած ահաբեկչական արարքներուն ինք վճռած է չի յետաձգել` Ապրիլի վերջաւորութեան նախատեսուած Եգիպտոս կատարելիք այցելութիւնը, հաղորդելով նաեւ թէ Միջ- կրօնական Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Կարդինալ Քոխ արդեն մեկնած է Եգիպտոս վերջին կարգադրութիւնները տեսնելու։ Այս մասին Ռատիովատտիկանին յայտնեց նոյնինքն Հայր Թասքա որ ապա աւելցուց ''Նորին Սրբութիւնը Եգիպտոս կ՛երթայ վերահաստատելու քրիստոնէական կեանքին հաղորդութիւնն ու երկխօսութիւնը''։

Միւս Կողմէն Վատիկանի Պետքարտուղարութեան տեղակալ Գերապայծառ Անճելօ Պեչու Իտալական ''Քորրիերէ Տելլա Սերա'' օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ''պատահածը ցաւ ու անհանգստութիւն կը պատճառէ սակայն չի կրնար խանգարել քահանայապետին խաղաղութեան առաքելութիւնը'':

''Ակնյայտ է թէ այդ արարքները խաղաղութեան ու երկխօսութեան դէմ յարձակում են'' ու նաեւ անուղղակի պատգամ մը երկրի կառավարութեան` քրիստոնեայ փոքրամասնութեան ցուցաբերած յարգանքին համար'' ըսած է Գերապայծառ Պեչչու հաստատելով թէ ''երկխօսութիւնը նաեւ միջոց  է կղզիացնելու  ծայրայեղականները''։ Ան ապա ընդգծած է թէ Սրբազան Քահանայապետը միշտ զանազանութիւն դրած է ահաբեկիչներու ու անոնց դաւանած կրօնի միջեւ, ''ահաբեկիչը արդարեւ կարող է շեղիլ հաւատքէն սակայն կրօնը չի շեղիր'' ըսած է գերապայծառ Պեչչու։

Միւս Կողմէն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի այս առընչութեամբ հաստատած է թէ ''այս ճամբորդութիւնը մարգարէական լոյսի նման է` հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ձգտող նոր աշխարհի մը մէջ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.