2017-04-11 12:45:00

Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ


Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ աղերս ունի անոր չարչարանքներուն հետ, որոնց մէջ Ան կը յայտնուի որպէս հլու եւ հնազանդ ծառայ (Ես. 50. 4-7), հակառակ իր աստուածային էութեան ( Փիլ. 2, 6-11): Ան Աստուծոյ կամքին նկատմամբ հնազանդ էր , իր դէմքը զերծ չպահեց նախատական  խօսքերէն  ու թուքերէն, այլ կռնակը յանձնեց ձաղկողներուն ու այտը՝ ապտակողներուն եւ հանդուրժեց ամէն տեսակ հալածանքներ, մինչեւ որ Աստուած վճռական յաղթանակը շնորհեց Անոր, չարին ու թշնամիներուն դէմ:

Տիրոջ չարչարանքներն ու մահը տեղի ունեցան մարդոց, մե՛ր փրկութեան համար ու իրականացան Անոր հնազանդութեամբ  Քրիստոսի Աստուծոյ Հօր Փրկչական Սիրոյ Ծրագրին: Ան կը փնտռէ մեղաւորը, զինք դարձի բերելու համար  իր շեղած ճամբէն, ազատելու ՝ խաւարէն , անոր վայելեցնելու համար աստուածային լոյսը:

Ծաղկազարդին ու չարչարանքներուն ընթացքը  կրնայ նկատուիլ որպէս սխալ դատավարութեան կամայական հետեւանք եւ տրամաբանական հետեւանքը  Յիսուսի նախանձոտ թշնամիներուն արարքներուն : Այս բոլորը կը բացատրեն անարդար մահը անմեղ Քրիստոսի: Սակայն , հաւատքի հոգիով դիտելով Աւագ Շաբթուայ դէպքերը՝ պսակուած Յարութեամբ , կը տեսնենք իրականացումը Աստուծոյ Փրկչական Ծրագրին, որ կը վերահաստատէ աստուածային կամքին Սիրոյ ուխտը  մարդկային մեղքին նկատմամբ: Դէպքերուն ընդմէջէն Յիսուս միշտ կը մնայ Տէրը՝ Փրկչական Պատմութեան:

Յաղթակա՛ն մուտք, սակայն խոնա՛րհ ու ժողովրդակա՛ն,  ո՛չ իշխանական:

Յաղթակա՛ն մուտք՝ « քաղցր ու խոնարհ թագաւորին» ( Զքր. 9,9 ), որուն ընկերացողները իր պարզ աշակերտներն էին:

Յաղթակա՛ն մուտք՝ Սիրոյ պատուիրանը սորվեցնող Մեսիայի մը, որուն դիմաւորողներն են մանուկները, աղքատները, արհամարհուածները , հիւանդները, ճշմարտութեան ծարաւիները ու կեանքի հացին սովածները : Անոնք՝ որոնք կը փառաբանէին  Աստուած,  « քաղցր ու խոնարհ թագաւորին» անձին մէջ ճանչնալով խոստացուած Մեսիան:

«Ովսաննա»ները պիտի փոխուին  «թո՛ղ խաչուի»ներու:  Յիսուս, սրտագէտը, գիտէր թէ այս իրողութիւնը չի փոխեր Սիրոյ Ծրագիրը : Ան զգուշացուց առաքեալները:

Ան կը սպասէ Փառքը Երկնաւոր Հօրմէն, որովհետեւ մարդկային փառքերը վաղանցիկ են ու խաբուսիկ :

Յիսուսի յաղթական   մուտքը եւ Յարութիւնը  չեն  ջնջեր Գողգոթան եւ Խաչը:








All the contents on this site are copyrighted ©.