2017-04-10 11:39:00

Մաքրոն Սուրիոյ իրադարձութիւնները նկատած է Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի պարտութիւնը


Ֆրանսայի նախագահական ընտրապայքարի յառաջատարներէն, «Յառաջ» շարժումի հիմնադիր եւ երկրի տնտեսութեան նախկին նախարար Էմանուէլ Մաքրոն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները կը նկատէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի պարտութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին 19 մարտին յայտարարած է «Ֆրանս-2» պատկերասփիւռի կայանէն:

«Հալէպի մէջ տեղի ունեցածը, անկեղծ ըսած, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի շատ մեծ պարտութիւնն է: Այն իրողութիւնը, որ այսօր սուրիական ճգնաժամի ելքը կը վճռէ Ռուսիան` Իրանի մասնակցութեամբ, անընդունելի է», ըսած է Մաքրոն:

«Ես կ՛ուզեմ, որ Ֆրանսա վերագտնէ իր տեղը, Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծման որոնումներուն մէջ հասնի դիւանագիտական յառաջատար դիրքի, որ պիտի ենթադրէր հիմնական գործող ուժերու միասնութիւնը», աւելցուցած է ան:

Նախապէս Մաքրոն կը յայտարարէր, որ Ֆրանսա պէտք է դադրի Սուրիոյ նախագահի պաշտօնէն Պաշշար Ասատի հեռանալը նկատել իբրեւ միջսուրիական բանակցութիւններու կայացման նախապայման: Ան կը պնդէր, որ Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները պէտք է վարուին կարծր դիրքերէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըլլան բացարձակ իրատեսական:

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները երկու փուլով տեղի պիտի ունենան 23 ապրիլին եւ 7 մայիսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.