2017-04-10 09:10:00

Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսանի ցաւակցական գիրը Ղպտիներու դէմ ահաբեկչական արարքներուն ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 ապրիլ 2017-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան ի լուր Ղպտի Ուղղափառ երկու Եկեղեցիներու դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքներուն որոնք բացի աւերներէն, պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Եգիպտոսի Նախագահ Ապ Էլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիին ու Եգիպտոսի Ղպտիներու Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պապ` Թաուատրոս Բ-ին, որուն մէջ իր ցաւն ու կսկիծը արտայայտած է ի տես անընդունելի ոճիրին որ ''պատահեցաւ երբ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ծաղկազարդը, Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ` խաղաղութեան տօնը'' գրած է Գուսան Եպիսկոպոսը դատապարտելով արարքը ու աղօթք բարձրացնելով առ Ամենակալ Աստուած որպէսզի ''լուսաւորէ ահաբեկիչներու սրտերն ու մտքերը ու անոնք ճանչնան Աստուածային ողորմութիւնը ու զղջան իրենց գործած մեղքերուն համար'', ինչպէս նաեւ '''Յիսուս Քրիստոսէն` խաղաղութեան թագաւորէն կը հայցենք որ խաղաղութիւնը հաստատէ աշխարհին մէջ, Եգիպտոսի ու Միջին Արեւելքի մէջ ու ազգերու սրտերուն մէջ յոյս սերմանէ'' գրած է միշտ Եգիպտոսի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը` Սուրբ Հոգիէն հայցելով որ մխիթարութիւն պարգեւէ բոլոր նահատակ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն զանոնք հաստատ պահելով իրենց հաւատքին մէջ ու վիրաւորներուն պարգեւէ արագ ապաքինում։''

Գերապայծառ Գուսան հեռագիրը եզրափակած է փառք ու պատիւ մատուցելով Եկեղեցիներու ու ազգին բոլոր նահատակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.