2017-04-10 08:19:00

Աւագ Երկուշաբթի Մարդու Ստեղծումը, Ադամի անկումը եւ փրկագործութիւնը, Անպտուղ թզենին


Աւագ Երկուշաբթի օրով կը սկսի Աւագ շաբաթը։ Յիսուս կամաւոր կերպով կ՛ընթանայ դէպի զոհաբերում՝ փրկելու համար մարդ արարածը։ Մարդ արարածը չէ նախաձեռնողը, այլ Աստուած. մարդ արարածը անկարող է ինքզինք փրկել։ Մեղանչել կը նշանակէ կամաւոր կերպով հեռանալ Աստուծմէ, գործել չարը, մերժել բարին, մերժել Աստուծոյ հրաւէրը։ Յիսուս, Իր երկրային կեանքի վերջին օրերուն առակներով, յորդորներով, քարոզներով կ՛անդրադառնայ Աստուծոյ եւ մարդուն խաթարուած յարաբերութեան։ Ան կը նորոգէ Աստուծոյ հրաւէրը՝ ուղղուած մարդուն։ Ան կը հրաւիրէ մարդը՝ Իր հետ միասին մուտք գործելու Աստուծոյ արքայութեան մէջ, կը հրաւիրէ մարդը յաւիտենական կեանքի։ Ան կը ներկայանայ իբր փեսան, որուն հարսանիքի խնճոյքը բաց է բոլորին, սակայն ոչ բոլորը արժանի կը գտնուին այնտեղ ներկայանալու։

Աւագ Երկուշաբթի մինչեւ Աւագ Չորեքշաբթի օրերը՝ Քրիստոսի զոհաբերումին նախորդող երեք օրերն են, վերջին երեք օրերը։ Այս երեք օրերու խորհուրդը մեզ կ’առաջնորդէ դէպի գագաթնակէտ՝ Գողգոթա եւ Յարութիւն։

Աւագ Երկուշաբթի եւ Աւագ Երեքշաբթի օրերու շարականներուն մէջ Յիսուս կը ներկայանայ իբր փեսայ եւ փրկիչ։ Ան «Անեղն է՝ Հօրմէ ծնած Որդին, Հօր փառքին աներեւոյթ պատկերը, Լոյսը՝ Հօր լոյսէն ծագած, մեր բնութիւնը նորոգողը, յաւիտեաններու Արարիչը, թագաւորներու թագաւորը, մոլորածներու ապաւէնը. Ան կը ճանչցնէ մեզի Սուրբ Երրորդութեան եւ միաստուածութեան սքանչելի խորհուրդը, Ան ամէնուն կը գթայ,  անմահ կեանք կը շնորհէ, բարիքներ կը բաշխէ, Ան բարձրեալ Փրկիչն է, բարերար Փրկիչը, արեան հեղումով կը ջնջէ նախաստեղծ մարդուն (Ադամի) յանցանքը եւ կը փրկէ մեզ անոր անէծքէն։»

Մարդ արարածը նախահօր Ադամի «մեղքով ինկած էր Արարիչին փառքէն։» Աստուած ձեռք կʼերկարէ մարդ արարածին, զայն ազատելու մեղքէն, փրկելու մահէ եւ կորուստէ։ Այս խորհուրդը կʼերգեն մեր շարականները՝ «ոչնչէն կը ստեղծէ արարածները եւ իր Աստուածութեան պատկերով՝ հողէն կը ստեղծէ մարդը, որպէսզի անպատում կեանքը ժառանգէ։ Ոչինչէն գոյացուց երկնային եւ երկրաւոր էակները։  Իր բարերարութեան պատկերով ստեղծեց մարդկային բնութիւնը։ Լուսափայլ զարդարեց Ադամը եւ դրախտին մէջ անմահական տունկերու երկրագործ դրաւ։»

Աստուած մարդը ստեղծեց, անոր շնորհելով բազում բարիքներ. մարդուն տուաւ դրախտը։ Սակայն մարդ արարածը՝ մեղանչելով հեռացաւ Աստուծմէ եւ վտարուեցաւ դրախտէն։ Աստուած չուզեց մարդը լքել այդ վիճակին մէջ. ասոր համար Աստուծոյ որդին մարդացաւ, ապրեցաւ մարդկային նեղութիւնները եւ առաւել եւս՝ ինքզինք զոհեց մարդուն՝ Իր արարածին համար։ Այս խորհուրդն է, որ կʼերգէ շարականը՝

«Անեղը՝ Հօրմէ ծնած Որդին, ոչինչէն գոյացուց երկնային եւ երկրաւոր էակները. բոլոր արարածներ, փառք տուէք յաւիտեաններու Արարիչին։

Հօր փառքին աներեւոյթ պատկերը, իր բարերարութեան պատկերով ստեղծեց մարդկային բնութիւնը. բոլոր արարածներ, փառք տուէք յաւիտեաններու Արարչին։

Լոյսը՝ ծագեալ լոյսի Հօրմէ, լուսափայլ զարդարեց Ադամը եւ դրախտին մէջ անմահական տունկերու երկրագործ դրաւ։

Արքայութեան բանալին տրուեցաւ հողածին մարդուն. սակայն ան պտղոյն ճաշակմամբ յաւիտենական կեանքէն դուրս ինկաւ։»

Շարականը կը յիշէ թէ ինչպէս Աստուած գերութենէն ազատած էր հրեայ ժողովուրդը, պատժելով եգիպտացիները՝ անոնց անդրանիկներու մահուամբ։ Մինչ հրեաներու դռները դրոշմուած էին զատկական գառնուկի արեամբ. եւ այդ արեան դրոշմն էր որ հրեաներու անդրանիկները կʼազատէր մահէն։ Նոյնը կը կատարուի մարդկութեան փրկութեան համար Աստուծոյ գառին՝ Յիսուս Քրիստոսի արեամբ։ Այն բոլորը որուն համար Աստուծոյ Գառը իր արիւնը թափեց՝ փրկուած են մահէ եւ յաւիտենական դատապարտութենէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.