2017-04-10 08:32:00

Արամ Ա. եւ Գարեգին Բ ցաւակցութիւն կը յայտնեն Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հովուապետին։


Կիրակի 9 ապրիլի  երեկոյեան, իմանալէ ետք ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրներուն մասին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ` Թէոդորոս պատրիարքին` խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչական արարքները եւ իր խորազգած ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր, ինչպէս նաեւ զոհերու ընտանիքներուն` միաժամանակ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւս ցաւակցական գիր յղած է Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ, Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Համայն Ափրիկէի Թաւադրոս Բ Պատրիարքին` Թանթայի (Եգիպտոս) Սուրբ Գէորվ եկեղեցւոյ եւ Աղեքսանդրիոյ Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն առիթով, որոնց զոհ դարձած են եւ վիրաւորուած բազմաթիւ անմեղ մարդիկ:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետեւորդներուն:

«Այս ծանր պահուն Մեր աղօթքներով ու մտքով զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Ձեր հետ ենք»,- նշած է Վեհափառ Հայրապետը` դատապարտելով ահաբեկչական գործողութիւնները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցած է Ամենազօր Աստծուն երկնային օթեւաններուն մէջ հանգստութիւն պարգեւելու զոհուածներու հոգիներուն, մխիթարութիւն` անոնց ընտանիքներուն եւ Քոյր Եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.