2017-04-09 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ծաղկազարդի տօնին քարոզը`''Մենք Յիսուսէն դուրս ուրիշ Տէր մը չունինք''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սոյն արարողութիւնը կրկնակի նշանակութիւն ունի` մէկը քաղցր միւսը դառն, մէկը ուրախ միւսը տխուր, որովհետեւ կը տօնախմբենք Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որ ընդունուած է որպէս Թագաւոր, ու միեւնոյն ատեն աւետարանը կը հռչակէ Յիսուսի չարչարանքը։ Ասոր համար մեր սիրտը կ՛ապրի յուզիչ հակադրութիւնը ու փոքր կերպով կը զգայ այն ինչ որ Յիսուս զգաց իր սրտին մէջ այդ օր,  որուն ընթացքին ուրախացաւ իր բարեկամներուն հետ ու լացաւ Երուսաղէմի վրայ''։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Կիրակի 9 ապրիլ 2017-ին Ծաղկազարդի օրուան առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած ծիսական արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին, որուն մէջ ապա անդրադարձաւ նոյն օրը նշուող երիտասարդութեան համաշխարհային 32-րդ օրուան ու այդ օրուան առթիւ ԵՀ օրերը խորհրդանշող Խաչի յանձնումին` Քրաքովիայի երիտասարդներու կողմէ, ուր նշուած էր միջազգային հանգամանք ունեցող վերջին ԵՀՕ, Փանամայի երիտասարդներուն` ուր պիտի նշուի յառաջիկայ երիտասարդական միջազգային հաւաքը։

Մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը որ  քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն (Գլ 21, 1-11) ուր կը խօսուի Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի ու անոր ամբոխի կողմէն փառաւոր ընդունելութեան մասին Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ` Յիսուս Սուրբ Քաղաք չմտաւ ցնորքներ բաշխողի նման, այլ որպէս Մեսիայ, ծառայի կերպարանքով, Աստուծոյ ու մարդոց ծառայ` որ կ՛ընթանայ դէպի չարչարանք։

''Մինչ մենք կը տօնախմբենք մեր Թագաւորը պահ մը մտաբերենք նաեւ այն չարչարանքները որոնց պիտի ենթարկուի այս շաբթուայ ընթացքին Յիսուս։ Մտաբերենք զրպարտութիւնները, վիրաւորանքները, դաւաճանութիւններն ու անարդարութիւնները ինչպէս նաեւ ձաղկումները ու փուշէ պսակը եւ ի վերջոյ խաչի ճանապարհը` մինչեւ խաչելութիւն''' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ  ''Յիսուս իր աշակերտներուն յստակօրէն ըսած էր ''Եթէ մէկը կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, խաչը առնէ ու ետեւէս գայ''. Ան պատիւ ու յաջողութիւններ չխոստացաւ, այլ բացայայտեց թէ իր ճանապարհը ու վերջին յաղթանակը կը պսակուին չարչարանքով ու խաչով։ Այս մէկը կը հայի նաեւ մեզի - ընդգծեց Սրբազան Պապը ու յորդորեց ''հաւատարմութեամբ հետեւելու համար Յիսուսին, հայցենք շնորհքը այս մէկը ընելու ոչ թէ խօսքով այլ գործով եւ հայցենք մեր խաչը կռելու համբերութեան պարգեւը, չմերժենք զայն այլ նայինք Անոր ու ընդունինք շալկել զայն ամէն օր''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ Անոր ներկայութիւնը տեսնենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մէջ որոնք այսօր կը տառապին Իրեն նման, կը տառապին պատերազմի ու բռնութիւններու պատճառաւ, կը տառապին զէնքերը շարժող շահերու պատճառաւ...Այր մարդիկ ու կիներ որոնք հարստահարուած են, բացառուած են եւ որոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է։ Յիսուս անոնց մէջն է, անոնցմէ ամէն մէկուն մէջ, ու այդ յօշոտուած դիմագիծով ու հազիւ լսելի ձայնով կը խնդրէ որ նայինք Իրեն ճանչնաք զինք ու սիրենք զայն։

Տարբեր Յիսուս մը չէ այդ - յարեց Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին - նոյն Յիսուսն է որ Երուսաղէմ մտաւ, արմաւենիներու եւ ձիթենեաց ճիւղերու ողջոյնով։ Նոյնը որ քամուեցաւ խաչին վրայ երկու աւազակներու միջեւ։ Մենք ուրիշ Տէր մը չունինք անկէ դուրս. Յիսուս, արդարութեան, ողորմութեան ու խաղաղութեան խոնարհ Թագաւորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.