2017-04-09 12:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Մարիամի հովանիին յանձնենք ահաբեկչութեան ու պատերազմի զոհերը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 ապրիլ 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ եւ անմահ պատարագի արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքէն առաջ ողջունելով հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Երիտասարդներու նուիրուած յառաջիկայ Եպիսկոպոսական  սիւնհոդոսի առթիւ կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակիցներուն, յայտնելով թէ  իր այդ ողջոյնը կը տարածուի նաեւ բոլոր երիտասարդներուն որոնք այսօր իրենց եպիսկոպոսներուն շուրջ կը տօնախմբեն Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրը` աշխարհի բոլոր եկեղեցական թեմերէն ներս։

''Այլ հանգրուան մը այդ մեծ ուխտագնացութեան որ սկիզբ առած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ եւ որ անցեալ տարի մեզ համախմբեց Քրաքովիայի մէջ եւ որ 2019-ի Յունուարին մեզ պիտի համախմբէ Փանամայի մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց հրապարակի վրայ  տեղի ունեցող Քրաքովիայի ու Փանամացի երիտասարդներու միջեւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրը խորհրդանշող Խաչի փոխանցման­, հրաւիրելով հայցել Տիրոջմէ` որ Խաչը եւ ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' սրբապատկերը աճեցնեն հաւատքն ու յոյսը ամէն վայրերուն մէջ ուղտերէն պիտի անցնին, բացայայտելով Քրիստոսի անյաղթ սէրը։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց յատուկ անդրադարձ կատարելով անցեալ ուրբաթ Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք տակաւին կը տառապին մարդկային աղէտ նկատուած պատերազմի պատճառաւ, ու այս բոլորին զոհերը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Ան ապա նշեց թէ այսօր եւս Եգիպտոսի մէկ Ղպտի եկեղեցւոյ դէմ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական արարք ու իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ, Ղպտի եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ու բոլոր եգիպտացի ժողովուրդին Աստուծմէ խնդրելով որ փոխէ մահ ու բռնութիւն  ցանողներուն սրտերը ու սրտերն անոնց որոնք զէնք կը վաճառեն. 








All the contents on this site are copyrighted ©.