2017-04-08 20:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ, Ոչ մէկ երիտասարդ պէտք է ինքզինք բացառուած զգայ Եկեղեցիէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 8 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ , ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց  երիտասարդներու համաշխարհային 32-րդ  օրուան առիթով կազմակերպուած հսկումի աղօթքի արարողութիւնը։

Այս առթիւ ներկայացուցած սրտաբուխ խորհրդածութեան մէջ, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով երիտասարդներուն նշեց թէ աղօթքի հսկումի արարողութիւնը սկիզբ է երկու միջոցառումներու` յառաջիկայ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին` որ նուիրուած է երիտասարդներուն ու Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդներուն համաշխարհային օրուան։

Քրաքովիայէն Փանամա սիւնհոդոսի ընդմիջումով։ Սիւնհոդոս մը ուր ոչ մէկ երիտասարդ պէտք է ինքզինք բացառուած զգայ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ  եպիսկոպոսական հաւաքը բաց է բոլոր երիտասարդներուն նոյնիսկ անհաւատ երիտասարդներուն ու  գաղջ հաւատքով երիտասարդներուն. Ամէն մէկ երիտասարդ բան մը ունի ըսելիք ուրիշներուն` քահանաներուն, մայրապետներուն, եպիսկոպոսներուն ու նոյնինքն Պապին։ Ամէնքս կարիքը ունինք ունկնդրելու ձեզ­, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Քրաքովիայի օրերուն ու այդ առթիւ արտասած խօսքերուն  ու անդրադարձաւ  օրուան աւետարանին , ուր կը խօսուի Սուրբ Կոյս Մարիամի` Եղիսաբեթին կատարած այցելութեան մասին։

Այսօրուայ աշխարհը կարիքը ունի արագաշարժ երիտասարդներու որոնք գիտակից են թէ կեանքը իրենց կը նուիրէ առաքելութիւն  մը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշեց երկու երիտասարդներու տուած վկայութեան, դիտել տալով թէ այսօր շատ մը երիտասարդներ ողբերգական վիճակ կ՛ապրին, երիտասարդներ որոնք ստիպուած են գաղթել, առանց աշխատանքի, առանց իտէալներու, առանց դաստիարակութեան ու ներառումի երիտասարդներ, որոնք բացառուած են ու յաճախ անտեսուած են եւ ասոր համար է որ մենք պիտի իրականացնենք այդ սիւնհոդոսը, ըսելու համար մենք երիտասարդներս հոս ենք, ապա Փանամա պիտի երթանք ըսելու` մենք ուղեւորութեան մէջ երիտասարդներ ենք։ Ուղեւորութեան մէջ դէպի սիւնհոդոս, դէպի Փանամա։ Թէեւ այդ ուղեւորութիւնը վտանգաւոր կրնայ ըլլալ­, սակայն երիտասարդ մը որ արկածախնդիր չէ ծերացած է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց երիտասարդները վտանգելու իրենց կեանքը, պատրաստելու համար ապագան, որովհետեւ, ըսաւ Ան, ապագան ձեր ձեռքերուն մէջ է։

Սիւնհոդոսի ընթացքին Եկեղեցին կ՛ուզէ մտիկ ընել  երիտասարդներուն, հասկնալ թէ ի՞նչ կը մտածեն, որո՞նք են անոնց զգացումները, ի՞նչ կ՛ուզեն, որո՞նք են անոնց քննադատութիւնները…ամէն ինչ։

Եկեղեցին կարիքը ունի գարունին, գարունը որ երիտասարդներու եղանակն է, յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց երիտասարդները յառաջ ընդանալ դէպի սիւնհոդոս ու դէպի Փանամա առաջնորդող ճանապարհին վրայ, ու զայն կատարել ուրախութեամբ, հետաքրքրութեամբ ու քաջութեամբ ու հարց տալով ոչ թէ ո՞վ եմ ես, այլ` որո՞ւ համար եմ, Մարիամի նման որ փութաց իր ազգականին մօտ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն յորդորեց յատուկէն զրուցել իրենց մեծ հայրիկներուն ու մեծ մայրիկներուն հետ։ Տարեցները մի գուցէ երազներ ունենան ու երիտասարդները  կարող են այդ երազները իրականացնել, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Եկեղեցին ձեզմէ առաքելութիւն կը պահանջէ, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, ու հրաւիրեց երիտասարդները ըլլալ արի ու քաջ, ըլլալ ապագայի կամուրջներ, հուսկ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն եւ դէպի Փանամա ըսաւ Ան,  վստահեցնելով թէ թէեւ ինք չի գիտեր եթէ հոն պիտի ըլլայ սակայն անպայման այնտեղ պիտի ըլլայ Քահանայապետը որ ձեզի հարց պիտի տայ ''խօսեցա՞ք տարեցներուն հետ։ Անոնց երազները փոխակերպեցիք շօշափելի մարգարէութեան''. Այս է ձեր պարտականութիւնը։ Թող որ Տէրը օրհնէ ձեզ։ Աղօթեցէք ինծի համար ու միասնաբար պատրաստուինք սիւնհոդոսին ու Փանամային։ Շնորհակալութիւն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.