2017-04-08 09:53:00

Վենեզուելայի մէջ առնուազն 18 վիրաւոր` իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցերու ընթացքին


Վենեզուելայի մէջ 18 մարդ վիրաւորուած է երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ իշխանութիւններուն դէմ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու եւ քայլարշաւներու պատճառով: Բողոքը հիմնականին մէջ ուղղուած է իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան, որ պատճառ դարձած է երկրի տնտեսական ճգնաժամին:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ ձերբակալուած են 12 անձեր:

Մարդիկ զայրացած են, երբ Վենեզուելայի գերագոյն դատարանը անցեալ շաբթուընէ սկսած է ղեկավարել երկրի քոնկրեսը, որ կը ղեկավարուի ընդդիմութեան կողմէ:

Բողոքողներուն համաձայն, երկրին իշխանութիւնները ամէն ինչ կը տանին դէպի բռնատիրութիւն:

Երէկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած է զոհ մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.