2017-04-08 10:05:00

''Սթոքհոլմի մէջ կատարուած վրայերթը ահաբեկչական արարք է'' կ’ըսէ Շուէտի Վարչապետը։


Շուէտի պետական «Իքոթ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երեք անցորդներ սպաննուած են, երբ մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի ենթարկուած են բեռնակառքի մը կողմէ:

Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լոֆվեն յայտնեց. «Բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի գործողութիւնը ահաբեկչական արարք է»:

Շուէտական ոստիկանութիւնը հաստատեց, որ առնուազն երկու զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց Սթոքհոլմի գնացքի կեդրոնական կայարանէն հեռանալու եւ մայրաքաղաքի կեդրոնը երթեւեկելէ զգուշանալու:

Շուէտական լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ քաղաքին մէջ բոլոր փապուղիները փակուած են:

Վրայերթը արձանագրուեցաւ Սթոքհոլմի մէջ ինքնաշարժներու մուտքը արգիլուած Տրոթնինկաթան փողոցի եւ գլխաւոր ճամբու մը քառուղիին մօտ գտնուող մեծ խանութի մը մօտ:

Նշենք թէ նախագահ Սարգսեան Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լեովենին որուն մէջ գրած է «Շուէտի համար այս դժուար պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնս ու զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Շուէտի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում»: Հանրապետութեան Նախագահը այս շրջագիծին մէջ  վերահաստատած է Հայաստանի համերաշխութիւնը միջազգային ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին, որուն  թիրախ կը դառնան բազմաթիւ անմեղ մարդիկ:








All the contents on this site are copyrighted ©.