2017-04-08 12:02:00

ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսները Սուրիոյ տագնապին համար կը հայցեն քաղաքական լուծում


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Տոնալտ Թրամփի հրահանգով, վերջերս  Սուրիոյ բանակին դէմ կատարուած  յարձակումին ի տես Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի   նախագահ՝ Կարդինալ Տանիել Տի Նարտօ, նամակ մը  յղած է Ամերիկեան կառավարութեան , որուն մէջ  վերահաստատած  է ամերիկայի եպիսկոպոսներուն դիրքը ՝ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ, այն է դիմել քաղաքական ու բանակցային լուծումի եւ ոչ թէ զինուորական միջոցառումներու։

Նամակին մէջ Ամերիկացի եպիսկոպոսները,   խնդրած են, որ Միացեալ նահանգներու կառավարութիւնը,  այլ պետութիւններուն հետ գործակցութեամբ, անսպառ աշխատանք տանին ՝ Սուրիոյ  մէջ վերջնական կրակմար հաստատելու համար,   լուրջ բանակցութիւններ սկսիլ,  առանց խտրութեան մարդկային խնամակալութիւն մատակարարել եւ բազմապատկել բոլոր ջանքերը՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղ ընկերութիւն մը կերտելու համար,  որ պաշտպան հանդիսանայ բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներուն, ներառեալ քրիստոնեաներուն եւ  այլ փոքրամասնութիւններունը։

Ամերիկայի եպսիսկոպոսները նամակին մէջ վերյիշած են ֆրանչիսկոս Պապին  հրաւէրը ՝՝Սուրիոյ մէջ կառուցել խաղաղութիւն եւ օգնութեան հասնիլ միջին արեւելքի  մէջ հակամարտութիւններու թիրախ դարձած բոլոր անձերուն՝՝։  

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.