2017-04-08 09:57:00

Մոսկուա միջազգային օրէնքներու խախտում համարեց Սուրիոյ վրայ Ամերիկեան յարձակումը


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին վրայ կատարուած եւ սուրիական բանակին վերագրուած քիմիագիտական զէնքերով ռմբակոծումին իբրեւ հակադարձ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրահանգով՝ Ապրիլ 7ի կանուխ ժամերուն ամերիկեան հեռահաս հրթիռներով ռմբակոծուեցաւ այդ շրջանին մէջ գտնուող սուրիական ռազմական օդակայան մը, ինչին իբրեւ հետեւանք սպաննուեցան առնուազն վեց սուրիացի զինուորներ եւ ինը քաղաքայիններ, ներառեալ՝ չորս երեխաներ։ Քանդուեցան նաեւ առնուազն 14 ռազմական օդանաւեր, որոնք կ՛օգտագործուէին իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ գործողութիւններու համար։

Ամերիկեան ուժերը արձակեցին 59 «Թամահոք» հրթիռներ, որոնք, ըստ «Ֆիսքըլ Թայմզ»ի գնահատման՝ մօտաւորապէս 94 միլիոն տոլար արժած են։

Յարձակումին թիրախ դարձած այդ շրջանին բնակիչները «Էյ.Պի.Սի.» լրատու գործակալութեան հաղորդած են, թէ յարձակումէն քանի մը ժամ առաջ, սուրիական բանակը սկսած էր ռազմական սարքաւորումներ եւ զինուորներ հեռացնելու օդակայանէն, հաւանաբար՝ ակնկալելով նման յարձակում մը։

Ռուսիա դատապարտեց եւ միջազգային օրէնքներու խախտում համարեց ինքնիշխան պետութեան մը դէմ կատարուած ամերիկեան այս ինքնագլուխ յարձակումը, որ գործուած է առանց հաստատելու, թէ որո՛նք էին քիմիական յարձակումին իսկական պատասխանատուները։ Մոսկուա նաեւ պահանջեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ գումարէ այս նիւթով, եւ կասեցուց Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու զօրքերուն հետ իր գործակցութիւնը։

Ռուսական պետական լրատուական կայքերը նաեւ անմիջապէս յիշեցուցին Թրամփի կողմէ 2013ին կատարուած այն յայտարարութիւնները՝ ուղղուած նախագահ Պարաք Օպամային, երբ Թրամփ քիմիական յարձակումէ մը ետք կոչ ըրած էր՝ «մեր շատ ապուշ ղեկավարին» (Օպամային), որ Սուրիոյ վրայ չյարձակի, որովհետեւ՝ «շատ վատ բաներ կրնան պատահիլ», եւ՝ «Միացեալ Նահանգներ ոչինչ կրնայ շահիլ այդ պատերազմէն»։

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Իտլիպ նահանգին մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրարկման վերաբերող ողբերգութիւնը կրնայ ձեռնտու ըլլալ ահաբեկիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն ապօրինականացնել Սուրիոյ իշխանութիւնները:

«Ամերիկեան յարձակումը դժուար հաւատալի պնդումի մը հիման վրայ կատարուած բռնարարք մըն է, որ նման է 2003ին Իրաքի վրայ կատարուած ամերիկեան յարձակումին։ Ցաւալի՛ է, որ չհիմնաւորուած պնդումներու հիման վրայ գործուած այս յարձակումը առաւե՛լ զոհերու առաջնորդեց՝ վնաս հասցնելով Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութեանց», իր կարգին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Ռուսիա եւ Սուրիա կը պնդեն, թէ քիմիական նիւթերը «Քայիտա»ի դաշնակից «Ճապհաթ Նուսրա»ին կը պատկանէին, եւ յատկանշական է, որ քիմիական այդ զէնքերու գործածումը Սուրիոյ կառավարութեան կապելու առաջին պնդումը եկած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն։

Թուրքիա, Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա դրուատեցին ամերիկեան յարձակումը, իսկ Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա զայն համարեցին յարմար պատասխան մը՝ քիմիական յարձակումին։

Իրան, սակայն, խստօրէն դատապարտեց յարձակումը՝ աւելցնելով, որ անիկա ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգներ ոչ միայն Եմէնի մէջ, այլեւ Սուրիոյ մէջ սկսած է նեցուկ կանգնելու իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, սկսելով «Քայիտա»էն եւ հասնելով մինչեւ «Իսլամական պետութեան»։

Սուրիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը եւս դատապարտեց ամերիկեան յարձակումը, մինչ անոր ուժերը Ուրբաթ օր շարունակեցին արեւելեան Հոմսի, Տարաայի եւ այլ շրջաններու մէջ յաջողութիւններ արձանագրել՝ «Իսլամական պետութեան» եւ այլ ծայրայեղական ուժերու դիմաց։

Մինչ յարձակումէն ետք Թրամփի հասցէին քննադատական յայտարարութիւնները գերակշռող էին Ռուսիոյ մէջ, կարգ մը ռուս մեկնաբաններ յայտնած են, թէ Թրամփ հաւանաբար ծուղակը ինկած է պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ այլ ծայրայեղական հոսանքի, որ դժգոհ էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը առաջնահերթութիւն չհամարող Ուաշինկթընի նոր քաղաքականութենէն. այս մեկնաբանները պնդած են, որ քիմիական յարձակումը նշեալ հոսանքին կողմէ բեմադրուած կրնայ ըլլայ։

Իրենց կարգին, կարգ մը ամերիկացի վերլուծաբաններ կը պնդեն, թէ յարձակումին նպատակը ուշադրութիւն շեղելն է Թրամփի ընտրապայքարի պատասխանատուներուն եւ Ռուսոիյ միջեւ կասկածելի կապերուն շուրջ բացուած հետաքննութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.