2017-04-07 09:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մասնակցի երիտասարդներու հսկումի արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երիտասարդներու համաշխարհային 32-րդ օրուան առթիւ որ այս տարի կը նշուի թեմական գետնի վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մատճճորէ Պազիլիքային մէջ, շաբաթ 8 ապրիլի երեկոյեան 5-ին` պիտի գլխաւորէ հսկումի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լացիօ Մարզի Եկեղեցական թեմերու երիտասարդները ու ''Քրաքովիայէն` Փանամա. Սիւնհոդոսը երիտասարդներուն հետ ընթացքի մէջ'' խորագիրով միջազգային հաւաքին 103 երկիրներէ ժամանած մասնակիցները։

Աղօթքի հսկումը կը ներկայացնէ` յառաջիկայ 2018-ի հոկտեմբերին Հռոմի մէջ գումարուելիք­ ''Երիտասարդներ, հաւատք ու կոչումի զատորոշումը'' նիւթով երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին նախապատրաստական ուղեւորութեան, ինչպէս նաեւ Փանամայի մէջ 2019-ին կայանալիք Երիտասարդութեան համաշխարհային 34-րդ հաւաքին պատրաստութեան, Ֆրանչիսկոս  Պապին երիտասարդներուն հետ ունեցած առաջին հանդիպումը։

Այս առընչութեամբ է որ հսկումի աղօթքներն ու խորհրդածութիւնները պիտի կենդրոնանան  Յիսուսի Սիրելի Աշակերտի` Սուրբ Յովհաննէսի վրայ որ ընտրուած է որպէս սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթի տիպար ու Սուրբ Կոյս Մարիամի վրայ որ կը ներշնչէ յառաջիկայ երիտասարդներու միջազգային երեք հաւաքները։

Այս առթիւ նշենք նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Ապրիլ ամսուայ տիեզերական աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրած է երիտասարդներուն, զանոնք հրաւիրելով չ՛ապրիլ ցնորքային ազատութեան մէջ ու թոյլ չտալ որ ուրիշներ դառնան փոփոխութեան դերակատարները, ապա խրախուսած է որ ձգտին բարձր իտէալներու ու աշխատին աւելի լաւ աշխարհ մը կկառուցելու համար. 








All the contents on this site are copyrighted ©.