2017-04-07 13:37:00

Վանականութիւն (ԼԱ)


Հայաստանի մէջ վանքերու եւ եկեղեցիներու շինարարութիւնները շատ անգամ կը կատարուէին բարերարներու ձեռքով։ Այդ բարերարները հիմնականին ազնուական դասակարգէն էին՝ թագաւորներ, իշխաններ, նախարարներ եւն.։ Անոնք նաեւ կալուածներ կը տրամադրէին եկեղեցւոյ, որոնք թեմերու կամ վանական հաստատութիւններու կը ծառայէին իբր եկամուտի աղբիւր։

Բարերարներ, զանազան պատճառներով կը կատարէին իրենց նիւթական օգնութիւնները։ Անոնք բարեպաշտ անհատներ էին, որոնք քրիստոնէական պարտականութիւն նկատէին նիւթական բարիքներէն մաս հանել եկեղեցւոյ։ Կ’օգնէին հոգեւոր հաստատութիւններուն՝ իրենց եւ իրենց սիրելիներու հոգիներու փրկութեան համար, իրենց հանգուցեալներու յիշատակը պատուելու համար։ Անոնց կառուցած վանքերն ու եկեղեցիները ընդհանրապէս կը ծառայէին նաեւ իբր ընտանեկան դամբարան։ Եկեղեցւոյ կամ սրբավայրի մը մէջ թաղուիլը արդէն հին քրիստոնէական սովորութիւն էր։ Մարդիկ կը փափաքէին, որ իրենց հանգուցեալները կարելիին չափով մօտ ըլլային սուրբ խորաններու, ուր կը մատուցէր Աստուածային Զոհը՝ Սուրբ Պատարագը, ուր զետեղուած էին մասունքներ կամ սուրբերու աճիւններ։ Ազնուականներու կատարած նպաստները կը հետապնդէին նաեւ գործնական նպատակներ։ Վանական հաստատութիւնները ձեւով մը մաս կը կազմէին նաեւ ճորտական կառոյցի շղթային։

Մեր մատենագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ վիմագիր արձանագրութիւններու մէջ բազմաթիւ են վանքերու եւ եկեղեցիներու բարերարներու յիշատակումները։ Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշեցինք Խոտակերաց վանքի պատմութիւնը, որ աւանդած է մեզի Ստեփանոս Օրբելեան պատմիչը։ Ան կը յիշատակէ Խոտակերաց վանքի նորոգութեան պատմութիւնը, եւ այդ առթիւ պատրաստուած արձանագրութիւն մը։ Ստեփանոս Օրբելեան կը գրէ՝ թէ վանքը, նորոգութենէն վերջ կը “զարդարեն պայծառօրէն եւ առաւելագոյն չափով եւ եկեղեցւոյ վրայ Աշոտի եւ Շուշանի յիշատակին կը փորագրեն արձանագրութիւն մը, որուն պատճէնը այս է՝ ’Ասկէ առաջ նախ եղած է Խոտակերաց վանքը. եւ քանի որ աւերուած էին այս կրօնաւորանոց ուխտը եւ ասոր մէջ հինէն եղած քաւարանը, ուստի երանելի Աշոտը կը ձեռնարկէր ջանադրութեամբ շինել սուրբ եկեղեցին եւ միաժամանակ ամբողջ շինութիւնները զարդարել կրօնաւորական դասերով։ Իսկ երբ իմ տէր Աշոտը դուրս գալով այս մարմնաւոր կեանքէն, փոխադրուեցաւ իր հայրերու մօտ, մեր որդիները Արաստամուղ գիւղը սահմանեցին իբր մաս սուրբ ուխտին, այն սահմաններով, որոնք իրենց հայրերը վայելած էին, երանելի իշխան Աշոտի եւ ինծի՝ Սիւնեաց տիկին Շուշանիս համար՝ որպէս հոգեւոր արձան եւ յիշատակ՝ մեր եւ մեր որդիներուն արեւշատութեան համար։ Եւ պատահեցաւ, որ այս եկեղեցիները հիմնաշարժ ըլլալով՝ աւերուեցան։ Ես, կամենալով իմ տէր Աշոտի կեանքին հաղորդակից ըլլալ, անոր՝ Քրիստոսի մօտ փոխադրուածի յիշատակը նորոգելու նպատակով, շինեցի այս նոր սուրբ եկեղեցին կրօնաւորանոց շինութիւններով՝ սրբուհի եւ մշտապէս կոյս Մարիամ Աստուածածնի անունով։ Եւ իմ երանելի տէր, Սիւնեաց իշխան Աշոտի ու իմ մեղաւոր հոգիի փրկութեան եւ մեր որդիներու՝ Սմբատի եւ միւսներու երկարաձիգ կեանքի ու յաջողութեան համար, նոյն Արաստամուղ գիւղը անոր՝ մինչեւ այժմ վայելած բոլոր սահմաններով, այս վանքի առաջնորդի միջոցով անխախտ պայմանով հաստատեցի Խոտակերաց վանքի սուրբ Աստուածածնին՝ յաւիտենաբար, իմ որդիներու կամակցութեամբ։ Եւ այս սուրբ կրօնաւորանոցի մէջ, իմ շինած հինգ եկեղեցիներուն այս պայմանը դրի։ Այս մեր եկեղեցին, որ Աստուածածինն է, պիտի ըլլայ յանուն իմ տէր Աշոտի եւ ինծի, եւ տարեկան երեք քառասունք պիտի կատրեն մեր մեղաւոր հոգիներուն համար. թերեւս ողորմութիւն գտնենք Քրիստոսի ահեղ դատաստանի ժամանակ։ Իսկ միւս չորս եկեղեցիները ըլլան մեր որդիներու արեւշատութեան, հոգիներու փրկութեան եւ վանքի կարիքներուն համար։ Արդ՝ ոչ ոք չհամարձակի հակառակութիւն կամ խափանում առաջացնել այս որոշումին եւ պայմանին դէմ, այլապէս այնպիսին մատնիչ Յուդայի գործակից թող ըլլայ եւ Քրիստոսի ահեղ դատաստանի օրը մեր մեղքերու դիմաց հաշիւ տայ։ Եւ մենք՝ հայոց կաթողիկոս Տէր Յովհաննէսը, մեր եպիսկոպոսներով եւ կրօնաւորներով, Սիւնեաց եպիսկոպոս Տէր Յովհաննէսս, վկայ ենք այս գրութեան եւ որոշումին։ Այս կտակ յիշատակագրութիւնը գրուեցաւ հայոց երեք հարիւր յիսունինը թուականին, ամենակալ Աստուծոյ կամքով, որ օրհնեալ է յաւիտենապէս, ամէն։’”








All the contents on this site are copyrighted ©.